«Օրինաց Երկիր» Կուսակցութիւնը Պիտի Մասնակցի Երեւանի Աւագանիի Ընտրութիւններուն

Հայաստան

«Օրինաց երկիր» կուսակցութիւնը յայտարարութիւն տարածած է Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն մասնակցելու մասին:

ՕԵԿ-ի ընտրական ցուցակը պիտի գլխաւորէ կուսակցութեան փոխնախագահ Մհեր Շահգելդեանը:

Կուսակցութիւնը Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի «Մենք ենք ու մեր Երեւանը» կարգախօսով: