Նիկոլ Փաշինեան Սփիւռքահայ Երիտասարդներուն Հայաստան Վերադառնալու Կոչ Կ՛ուղղէ

Հայաստան, Սփիւռք

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կարեւոր կը համարէ սփիւռքահայ բոլոր երիտասարդներու Հայաստան վերադառնալը: Այս մասին ան յայտարարեց Օգոստոս 23-ին  Ծաղկաձորի Գրողներու միութեան հիւրատան մէջ  «Քայլ դէպի տուն» ծրագրի փակման հանդիսաւոր արարողութեան ժամանակ:

«Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` Նիկոլ Փաշինեան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ մեծ ցանկութիւն ունի, որպէսզի երիտասարդները այստեղէն տանին Հայաստան վերադառնալու գիտակցութիւնը:

«Ես կը համարեմ, որ իւրաքանչիւր հայ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի է եւ պատիւ ունիմ ձեզի դիմելու, որպէս սիրելի հայրենակիցներ, Հայաստանի Հանրապետութեան հպարտ քաղաքացիներ: Մեր աւետեաց երկիրը իրականութիւն դարձնելու ժամանակը եկած է, եւ շատ կարեւոր է, որ ձեզմէ իւրաքանչիւրին եւ հեռաւոր սփիւռքի մէջ ապրող իւրաքանչիւր ընտանիքի մէջ ամէն օր  խօսուի Հայաստան վերադառնալու գաղափարի եւ անհրաժեշտութեան մասին»,- ըսած է Փաշինեան:

Ան ընդգծած է, որ Հայաստանը ապրելու երկիր է եւ այն երկիրն է, ուր պէտք է զարգանալ, ստեղծագործել , ուժեղանալ , հարստանալ եւ հարստացնել  գաղափարներով եւ սիրով:

«Ես համոզուած եմ, որ մենք այսօր իրարու աչքերու մէջ նայելով, զիրար սիրելով, աւելի կը հզօրանանք»,- ընդգծեց ան: