
Բակo Սահակեան Ընդունած է ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանն ու ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեանը
Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան Օգոստոս 24-ին ընդունած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանն ու ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեանը:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութիւնը, հանդիպման, որուն կը մասնակցէր նաեւ ՀՅԴ Արցախի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, քննարկուած են Հանրապետութեան ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան, Արցախի ընկերային-տնտեսական զարգացման ու տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող հարցեր: