Արոնեան Կը Մնայ Սէյնթ Լուիսի Մրցաշարքի Առաջատար

Այլեւայլ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռի կայանը Օգոստոս 23-ին հաղորդեց, թէ Հայաստանի ճատրակի լաւագոյն վարպետ Լեւոն Արոնեան դարձեալ հաւասարութեամբ աւարտած է Սէյնթ Լուիսի մէջ կայացող «Սինքուէֆիլտ» հեղինակաւոր մրցաշարքին մէջ իր 5-րդ մրցումը:

Ան 5-րդ հանգրուանին կը մրցէր աշխարհի նախկին ախոյեան Վիշի Անանտի դէմ: Մրցումին 36-րդ շարժումին գերվարպետները համաձայնեցան կիսել կէտը:

Այժմ Արոնեան ունի 3 կէտ: Հայաստանի ներկայացուցիչին կողքին, նոյնքան կէտ ապահոված են Ֆապիանու Քարուանա, Շահրիար Մամետեարով, Ալեքսանտր Կրիշչուք եւ աշխարհի ներկայ ախոյեան Մակնուս Քարլսեն:

Ցարդ Արոնեան հաւասարութիւններ արձանագրած էր նաեւ Քարլսենի, Մամետեարովի եւ Քարուանայի դէմ, իսկ առաջին հանգրուանին պարտութեան մատնած է Սերկէյ Քարիաքինին։

Սէյնթ Լուիսի մրցաշարքը բաղկացած էր 9 հանգրուաններէ եւ պիտի աւարտի Օգոստոս 28-ին: