
Վարչապետ Փաշինեան Ներկայացուց Անցումային Արդարադատութեան Մարմիններ Ստեղծելու Հիմնաւորումը
Վարչապետ Փաշինեան յայտնեց, որ անցումային արդարադատութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ ընդունուած կարգ է: Հայ-չինական դպրոցի բացման արարողութենէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին, վարչապետը ընդգծեց, որ նման համակարգի հետ կապուած քննարկումներ տեղի ունեցած են միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութենէն անմիջապէս ետք:
«Ինչո՞ւ այդ մասին կը խօսինք հիմա, որովհետեւ կան իրավիճակներ, երբ իրաւապահ մարմինները կը զեկուցեն, որ շատերու հաշիւներուն մէջ կան միլիոնաւոր տոլարներ: Ակնյայտ է, որ անոնք ապօրինի ճամբով ձեռք բերուած են, իսկ մեր այսօրուան դատական համակարգը լուրջ խոչընդոտներ կը ստեղծէ այդ գումարներուն ծագումը քննելու եւ զանոնք վերադարձնելու համար»,- ըսաւ Փաշինեան:
Վարչապետը հաւաստիացուց, որ ինք կը շարունակէ չմիջամտել դատական իշխանութեան գործին, սակայն նույն ժամանակ շեշտեց, որ չի կրնար հանդուրժել այն դատաւորնեը, որոնք կրնան շարժիլ կողմնակի ազդեցութիւններով եւ կաշառքով: «Ես ըսած եմ, որ այն դատաւորները, որոնք կը գործեն օրէնքի տրամաբանութեամբ եւ պատասխանատու կ՛ըլլան իրենց որոշումներուն նկատմամբ, մենք կ՛ողջունենք զանոնք, սակայն բառացիօրէն ըսած եմ, որ վա՛յ եկած է այն դատաւորներուն, որոնք կողմնակի ազդեցութիւններով, կաշառքով կը փորձեն դատական համակարգը այլ ուղղութեամբ տանիլ: Ես ի՞նչ կ՛ըսեմ. կ՛ըսեմ, ժողովուրդ ջան, ես պիտի չմիջամտեմ ձեր գործերուն, բայց եթէ դուք կը փորձէք օգտուիլ ձեր նախկին միջամտութիւններու խողովակներէն, ետեւի դուռէն մարդիկ դուրս գան, քաւոր-սան-բարեկամ կապեր օգտագործեն, այդ մէկը պիտի չպատահի: Ես կը խօսիմ երեւոյթներու մասին, ես չեմ խօսիր յստակ դեպքերու մասին, որպէսզի դեպքերու վրայ ազդեցութիւն չունենամ», ընդգծեց վարչապետը: