
Ռուանտայի Եւ Կապոնի Արտաքին Գործոց Նախարարները Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիր Այցելեցին
Ռուանտայի եւ Կապոնի արտաքին գործոց նախարարներուն Հայաստան այցելութեան առթիւ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութիւնը տեղեկացուց, թէ «նախարար Մնացականեան կարեւոր կը համարէ իր գործընկերներուն այցելութիւնը՝ որպէս Ռուանտայէն եւ Կապոնէն առաջին բարձրաստիճան այց դէպի Հայաստան: Նախարարը ընդգծեց, որ երկրի զարգացման առնչուող տարբեր, որոնց շարքին՝ նորարարութեան, բարձր արհեստագիտութեան, գիւղատնտեսութեան, զարգացման օրակարգի, երիտասարդութեան եւ այլ հարցերու մէջ մեր օրակարգերը կը համընկնին: Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը ընդգծեց Հայաստանի իշխանութիւններու քաղաքական հետաքրքրուածութիւնը՝ առաւել ընդլայնելու Ափրիկեան մայրցամաքի հետ համակողմանի փոխգործակցութիւնը»:
Մնացականեան նաեւ երկու նախարարներուն ներկայացուց յառաջիկայ Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ կայանալիք Ֆրանսախօս պետութիւններու կազմակերպութեան գագաթնաժողովի նախապատրաստական աշխատանքները եւ նոյն գագաթնաժողովի կարգախօսին՝ «Ապրիլ Միասին»-ի խորհուրդը, նշելով, որ սոյն գագաթնաժողովին կազմակերպումը Հայաստանի մէջ մեծ պատիւ է, միաժամանակ նաեւ՝ մեծ պատասխանատւութիւն, եւ հայկական կողմը ամենայն լրջութեամբ կը մօտենայ զայն բարձր մակարդակով իրականացնելու յանձնառութեան:
Ռուանտայի եւ Կապոնի արտաքին գործոց նախարարները նաեւ այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցեցին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, նաեւ գրառում կատարեցին Ցեղասպանութեան թանգարանի յուշամատեանին մէջ: