
«Գութան» Փառատօնը Մեծ Տօն Պիտի Նուիրէ Ազգային-աւանդական Երգ Ու Պարի Սիրահարներուն
Օգոստոս 24-ին, 19:30 Գաֆէսճեան քանդակներու պարտէզին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Գութան» Հայաստանի ազգային-աւանդական երգի-պարի ամենամեայ փառատօնը:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, հայ աւանդական երաժշտարուեստի` երգարուեստի եւ պարարուեստի պահպանման, տարածման ու սերունդէ սերունդ փոխանցման իւրատեսակ առաքելութիւնը իր վրայ վերցուցած փառատօնին՝ այս տարի պիտի մասնակցին գրեթէ երկու տասնեակ ազգային-աւանդական երգի-պարի խումբեր` «Ակունք», «Կարին», «Սասնայ Ծռեր», «Վան», «Անի», «Մասունքէ, «Տարօնցիներ», «Նուպար», «Գորանի», «Մարաթուկ», «Արեգ», «Մենք ենք մեր սարերը», «Տաւրոս», «Զարթօնք», «Արթուին», «Վարք հայոց», «Ոստան», «Մշոյ հաւքեր», «Մարաթուկցիներ», «Նինահար» համոյթները:
Փառատօնը կ՛իրականացուի ՀՀ վաստակաւոր արտիստ Արսէն Գրիգորեանի մտայաղացմամբ եւ նախաձեռնութեամբ, ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան եւ Երեւանի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ:
«Ժամանակին, երբ մենք պետականութիւն չենք ունեցած, մեր մշակոյթը պահած է մեր ժողովուրդը: Այսօր մեր հերթն է պահելու ու պահպանելու մեր ազգային-աւանդական մշակոյթը: Մինչեւ «Գութան»-ի ստեղծումը տեղի կ՛ունենային տարբեր աւանդական ձեռնարկներ, համերգներ: Բայց մեզի պէտք էր փառատօն, որ կ’ունենար որակական ուրիշ մակարդակ: «Գութան»-ին կը մասնակցին մեր բոլոր ազգային-աւանդական երգի-պարի խումբերը: Մենք նպատակ ունինք ոչ միայն միաւորել զանոնք, այլեւ մեծ բեմերու վրայ հանդէս գալու հնարաւորութիւն ստեղծել` իրենց արուեստը ցուցադրելու եւ յղկելու համար»,- կը նշէ փառատօնի մտայղացման հեղինակ Արսէն Գրիգորեան (Մրօ):
Փառատօնը մեծ արձագանգ գտած է, օրինակ, նախորդ տարի փառատօնին մասնակցած է 5000 մարդ: Կազմակերպիչները կը վերահաստատեն, որ իրադարձութիւնը մշտապէս բաց պիտի ըլլայ հանրութեան համար. ինչպէս եւ նախորդ տարիներուն, այս անգամ եւս փառատօնի մուտքը ազատ պիտի ըլլայ:
Արդէն 5-րդ տարին ըլլալով մշակութային իրադարձութեան մեկնարկը պիտի ազդարարուի իւրայատուկ ձեւով: Օգոստոս 22-էն իւրաքանչիւր խումբ Երեւանի որեւէ վարչական շրջանի մէջ հանդէս պիտի գայ համերգով, իսկ Օգոստոս 23-ին Գաֆէսճեան քանդակներու պարտէզին (Կասկադ) դէպի Հիւսիսային պողոտայ ֆլէշմոպ պիտի կազմակերպուի, որուն պիտի մասնակցին փառատօնի մասնակից երգի ու պարի խումբերը, պիտի ներկայացնեն նաեւ գեղարուեստական կտորներ:
Փառատօնի ընթացքին պիտի ցուցադրուին նաեւ մեր անցեալի հայ երգի ու պարի երախտաւորներու կեանքին ու գործին վերաբերող ֆիլմեր` արժեւորելով անոնց ծաւալած գործունէութիւնը ու մեզի փոխանցած աւանդը:
Փառատօնի կազմակերպիչները յոյս ունին, որ ինչպէս նախորդ տարիներուն, այնպէս ալ այս տարի «Գութան»-ը տեղի պիտի ունենայ նաեւ Արցախի մէջ: «Գութան» Հայաստանի ազգային-աւանդական երգի-պարի ամենամեայ փառատօնը կ՛իրականացուի 2014 թուականէն ի վեր: