2018-ի Առաջին Կիսամեակին Արցախի Մէջ Ծնած է 1057 Երեխայ

Այլեւայլ, Հայաստան

 

2018-ի առաջին կիսամեակին, Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան հիւանդանոցներուն մէջ ծնած է 1057 երեխայ, 552՝ տղայ, 505՝ աղջիկ: Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի առողջապահութեան նախարարութենէն։

Միայն 878 երեխայ ծնած է Ստեփանակերտի «Մօր եւ մանկան» առողջութեան պահպանման կեդրոնին մէջ: Մարտակերտի մէջ արձանագրուած է 89 ծնունդ, Մարտունիի մէջ՝ 56, Հադրութի մէջ՝ 13, Քաշաթաղի մէջ՝ 15 եւ Շահումեանի մէջ՝ 6:

 

Leave a Reply