
Մեր Ժողովուրդին Համար Հայ Դպրոցը Միշտ Պէտք է Մնայ Առաջնահերթ Մտահոգութիւն. Հայրապետական Օրհնութեան Գիր Բերիոյ Թեմի Ուսուցչաց Համագումարին
Ուրախութեամբ իմացանք Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանէն, որ 21-23 Օգոստոսին Քեսապի մէջ տեղի պիտի ունենայ հայկական վարժարաններէն ներս ծառայող հայ ուսուցիչներու համագումար:
Հայրապետական օրհնութեամբ կ՛ողջունենք յիշեալ նախաձեռնութիւնը: Նախաձեռնութիւն մը, որով առիթը կը տրուի մեր սիրելի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն միասին ըլլալու եւ միասնաբար քննարկելու հայ դպրոցին կեանքին ու առաքելութեան առնչուած հարցեր, մտահոգութիւններ ու ծրագիրներ: Վերջապէս, նախաձեռնութիւն մը, որ ինքնին յիշեցում մըն է հայ կեանքէն ներս հայ դպրոցին ունեցած առանցքային կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ հայ դպրոցին հայակերտումի առաքելութիւնը կեանքի վերածող հայ ուսուցչին վստահուած եզակի դերակատարութեան:
Հետեւաբար, ներկայ հաւաքը կենսական ու այժմէական կարեւորութիւն կը ներկայացնէ ընդհանրապէս Սփիւռքի ու յատկապէս Սուրիոյ հայութեան կրթական կեանքին համար: Դժբախտաբար հայ դպրոցը նահանջի մէջ է ամէն տեղ: Այս տխուր երեւոյթին պատճառները այլազան են ու բազմազան: Մեր ժողովուրդին համար հայ դպրոցը միշտ պէտք է մնայ առաջնահերթ մտահոգութիւն, մանաւանդ Սփիւռքէն ներս: Հայ դպոցէն հեռու հայ կեանքը պիտի մաշի ու պիտի կորսնցնէ իր ինքնութիւնն ու պատկանելիութիւնը:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերէն ներս, ներառեալ Բերիոյ Թեմը, մենք կը շարունակենք բարձրագոյն աստիճանի հոգածութիւն ու նախանձախնդրութիւն ցուցաբերել կրթական կեանքին: Հակառակ մեզ շրջապատող ահաւոր դժուարութիւններուն` հայ ուսուցիչի պակասէն սկսեալ մինչեւ դասագիրքի պակաս, տնտեսական տագնապէն սկսեալ մինչեւ հայ աշակերտութեան թիւի նահանջ, մենք պիտի շարունակենք հայ դպրոցը կանգուն ու առողջ պահելու մեր պայքարը: Ուրախութեամբ ու գնահատանքով կ՛ուզենք արձանագրել, որ այս պայքարի յառաջապահ դիրքին վրայ կը գտնուի Սուրիոյ մեր գաղութը: Հակառակ վերջին տարիներուն ստեղծուած դառն պայմաններուն, հայ դպրոցը շարունակեց իր առաքելութիւնը: Ուսուցչաց ներկայ հաւաքը պերճախօս վկայութիւն մըն է այս մեծապէս գնահատելի իրողութեան, ինչպէս նաեւ ձեր ամուր յանձնառութեան մեր կրթական կեանքի վերածաղկումին:
Այս առիթով, Մեր բարձր գնահատանքը կը յայտնենք Առաջնորդ Սրբազանին, Ազգ. Իշխանութեան, մեր բոլոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, հոգաբարձութիւններուն եւ մեր սիրելի ծնողներուն, հայ դպրոցին նկատմամբ իրենց ունեցած ամուր կապուածութեան ու նուիրեալ ծառայութեան համար:
Մեր հայրական թելադրութիւնն է, որ կենսունակ պահէք հայ դպրոցը, անոր առաքելութեան ձեր յանձնառու մասնակցութեամբ: Արդարեւ, հայ դպրոցը կենսունակ պահել կը նշանակէ հայ գաղութը զօրեղ պահել: Հետեւաբար, Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի աշխատանքներու ծիրէն ներս, հայ դպրոցին վերականգնումը կը նկատենք ճշդորոշիչ:
Թող Ամենակալն Աստուած օրհնէ ձեզ եւ միշտ հովանի ըլլայ ձեր կրթական աշխատանքներուն:
Հայրական սիրով,
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ