
Լեւոն Արոնեան կը Շարունակէ Մնալ Սենթ Լուիսի Մրցաշարի Առաջնակարգերու Շարքին
Հայկական ճատրակի առաջնակարգ խաղացող, աշխարհի գործող բաժակակիր Լեւոն Արոնեան կը շարունակէ մնալ Սինքուիլտի բաժակի խաղարկութեան առաջնակարգերու շարքին:
Ըստ Armenpress.am-ի` մրցաշարի 4-րդ խաղին Արոնեանի մրցակիցը Ատրպէյճանի ներկայացուցիչ Շահրիեար Մամետեարովն էր: Խաղի 24-րդ քայլին ընթացքին՝ գրոսմայսթըրները համաձայնած են կիսել միաւորը:
Այս խաղէն ետք՝ Արոնեանը, Ֆապիանու Գարուանան, Շահրիեար Մամետեարովը, Մագնուս Կարլսենը եւ Ալեքսանդր Գրիշչուկը ունին 2,5 միաւոր եւ կը գլխաւորեն մրցաշարային աղիւսակը:
Սենթ Լուիսի մրցաշարը բաղկացած է 9 խաղէ եւ պիտի աւարտի Օգոստոս 28-ին: