
Թուրքիան Մտահոգուած է` Մերգել Հայաստան Այցին Ընթացքին «Ցեղասպանութիւն» Բառը Պիտի Հնչեցնէ՞
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերգել եռօրեայ աշխատանքային այցով պիտի այցելէ Հայաստան:
Վկայակոչելով թրքական լրատուամիջոցներու մէջ տարածուած տեղեկութիւնները` Ermenihaber.am-ը կը հաղորդէ, թէ Թուրքիան անհանգստացած է այն փաստէն, որ Գերմանիոյ վարչապետը պիտի այցելէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր` Ծիծեռնակաբերդ եւ հնարաւո՞ր է արդեօք հնչեցնէ «ցեղասպանութիւն» բառը:
Անկելա Մերգել, Օգոստոս 24-ին, Երեւանի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին քաղաքական փոփոխութիւններէն ետք երկկողմ յարաբերութիւնները: Մերգել ծաղկեպսակ պիտի դնէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրին:
Նշենք, որ Գերմանիոյ Դաշնային ժողովը 2016 Յունիս 2-ին ընդունած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունող բանաձեւը: Սակայն, Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու հնարաւոր սրման վերաբերեալ թրքական պնդումներէն ետք՝ Մերգելի կառավարութիւնը յայտարարած էր, որ պէտք է յարգել Գերմանիոյ Դաշնային ժողովին որոշումը` ընդգծելով, որ Գերմանիոյ կառավարութիւնը այդ բանաձեւին վերաբերեալ որեւէ յայտարարութիւն պիտի չընէ: