
Բերիոյ Հայոց Թեմի Ուսուցչական Համագումար Քեսապի Մէջ
Սուրիահայութեան կեանքին առանցքը կը կազմէ հայ դպրոցը, որուն ողնաշարը եւ մղիչ ուժը հայ ուսուցիչն է: Անոր կեդրոնական դերակատարութիւնը յաճախ շեշտուած է, սակայն անոր գործունէութիւնը աւելի արդիական հիմքերու վրայ տեղադրելու առաջադրութեամբ ուսուցչաց կամ ուսուցչական համաժողովներ ու գիտական նստաշրջաններ անհրաժեշտ են: Համագումար կը կազմակերպուի, որպէսզի կրթական համակարգը վերանորոգուի եւ ժամանակակից դառնայ:
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի հովանաւորութեամբ եւ Ուսումնական Խորհուրդի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ ուսուցչական համագումար մը, Քեսապի «Ինճէճիկեան-Կիւլպէնկեան Մշակութային Կեդրոն»ին մէջ, 21-23 Օգոստոս 2018-ին:
Համագումարին կը մասնակցէին Թեմի Ազգ. Վարժարաններու (Հալէպ, Դամասկոս, Լաթաքիա եւ Քեսապ) տնօրէններն ու ուսուցիչները, թիւով 70 հոգի: Սուրիայէն եւ Լիբանանէն հրաւիրուած էին կրթական մասնագիտութեամբ բանախօսներ, որոնք երեք օրերու տեւողութեան, համապատասխան իրենց նիւթերը պիտի ներկայացնեն:
Համագումարին բացումը կատարուեցաւ Երեքշաբթի 21 Օգոստոս 2018-ին, առաւօտեան, Առաջնորդ Սրբազան Հօր Տէրունական աղօթքով եւ մաղթանքներով: Սրբազան հայրը բարի գալստեան բացման իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ համագումարի կարեւորութեան, ընդգծելով հայ ուսուցիչին անշրջանցելի կարեւորութիւնն ու նշանակութիւնը հայեցի դաստիարակութեան մէջ: Ան հրաւիրեց ներկաները սրտբաց քննարկում կատարելու սերունդներու դաստիարակութեան գործին մէջ:
Այս համագումարին առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետը ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսը «Օրհնութեան Գիր» յղած էր (բնագիրը տեսնել «Գանձասար»ի Օգոստոս Դ. համարով):
Առաջին օրուան դասախօսներն էին՝ տիար Ժիրայր Դանիէլեան եւ տիկ. Շաղիկ Գանտահարեան-Խուտավերտեան (Լիբանանէն): Տիար Դանիէլեան խօսեցաւ «Տնօրէն, ուսուցիչ, ծնողք եւ աշակերտ առողջ յարաբերութիւններ» նիւթին շուրջ: Տիկին Խուտավերտեան խօսեցաւ «Ուսուցիչ-աշակերտ հոգեբանական խնդիրներ» նիւթին շուրջ: Երկու բանախօսները համաձայն իրենց մասնագիտութեան ներկայացուցին կրթական համակարգի ներկայ իրավիճակը, դաստիարակութեան բարդ եւ դժուարին խնդիրները, եւ իրենց պատկերացումները տուին իւրաքանչիւր խնդրին առնչութեամբ:
Մասնակցող ուսուցիչները առիթ ունեցան, լուսաբանական հարցումներու կողքին, իրենց ամէնօրեայ ապրած փորձառութեան լոյսին տակ արտայայտել կարծիքներ եւ ստացան յարմար պատասխաններ: Առաւօտեան ելոյթներուն մթնոլորտը թէ՛ խանդավառող եւ թէ հարցադրող էր: Աւարտին, սրբազան հայրը Ուսումնական Խորհուրդին եւ մասնակիցներուն անունով գնահատանքի խօսքէն ետք, դասախօսները պարգեւատրեց շնորհակալագիրներով եւ հայկական ասեղնագործութեան (Այբ-Բեն-Գիմ) գեղեցիկ օրինակներով:
Յետմիջօրէին, համագումարը սկսաւ «Գործնական Աշխատանքներ»ու, ուր մասնակիցները վեց խումբերու բաժնուեցան (հայ դաստիարակներու անունները կը կրէին), իրենց փոխանցուած յատուկ հարցաթերթիկներով քննարկեցին համագումարի օրակարգերը, պարզեցին հայ դպրոցին եւ ուսուցիչին իրավիճակները, կատարեցին ախտաճանաչումներ, եւ իրենց հաւաքական քննարկումէն բխած առաջարկները բանաձեւեցին:
Ուսուցչական Համագումարը գալիք երկու օրերուն պիտի շարունակէ իր ծրագիրներուն իրականացումը:
Թղթակից
Ուսումնական Խորհուրդի