ՀՀ Վարչապետի Հրաւիրած Հանրահաւաքին Մինչեւ 150 Հազար Մարդ Մասնակցած է

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաւիրուած հանրահաւաքին մասնակցած է մինչեւ 150 հազար մարդ: Օգոստոս 21-ին կայացած մամուլի ասուլիսի մը ընթացքին, ըստ Armenpress.am-ի, այս մասին յայտնած է ՀՀ ոստիկանութեան պետ Վալերի Օսիպեան:

«Օգոստոս 17-ին կայացած հանրահաւաքին, որ վարչապետը հրաւիրած էր կառավարութեան 100 օրուան աշխատանքները ամփոփելու համար, մասնակցած է մինչեւ 150 հազար մարդ, քանի որ նաեւ Հանրապետութեան հրապարակի տարածքէն դուրս բազմութիւն կար հաւաքուած: Ես այսպէս կը մեկնաբանեմ»,- ընդգծած է Օսիպեան:

ՀՀ ոստիկանապետը նշած է, որ այդ օրը ոստիկանութիւնը իրականացուցած է բարձր մակարդակի ծառայութիւն, որուն իբրեւ արդիւնք՝ հանրահաւաքի ընթացքին՝ որեւէ միջադէպ, լուրջ պատահար տեղի չէ ունեցած:

Նշենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան գործունէութեան 100 օրը ամփոփեց Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, Օգոստոս 17-ին կայացած հանրահաւաքով, որուն մասնակցելու համար Երեւան ժամանած էին քաղաքացիներ ՀՀ մարզերէն, ինչպէս նաեւ Արցախէն ու արտերկրէ:

 

 

Leave a Reply