
Հայաստանի Մէջ Պտուղ-բանջարեղէնի Արտահանման Ծաւալները Արդէն Գերազանցած են 2017-ի Տարեկան Ցուցանիշը
2018 Օգոստոս 21-ի դրութեամբ, ըստ անմիջական տեղեկատւութեան, հանրապետութենէն արտահանուած է 121,295 թոն թարմ պտուղ-բանջարեղէն։ ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն փոխանցուած տեղեկութիւններու, նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ՝ արտահանման ծաւալները աւելցած են շուրջ 49 հազար թոնով կամ 67.7%-ով եւ 444 թոնով կը գերազանցեն 2017-ի արտահանման տարեկան ծաւալները։
Պէտք է նշել, որ տարուան ընթացքին արձանագրուած է ծիրանի արտահանման ծաւալներու աննախադէպ աճ. այսօրուան դրութեամբ արտահանուած է 51,594 թոն ծիրան, որ նախորդ տարուան մակարդակը կը գերազանցէ 23,120 թոնով կամ շուրջ 81.2%-ով։
Արտահանման ընդհանուր կառուցուածքին մէջ, Ռուսիոյ Դաշնութեան մասնաբաժինը կազմած է շուրջ 114,603 թոն կամ 94.5 %, մնացածը արտահանուած է Վրաստան, Պելառուսիա, Ուքրանիա, Մոլտովա, Ղազախստան, Հոնկքոնկ, Իրաք, ԱՄԷ, ԻԻՀ, Պելճիքա, Ռումանիա, Մակեդոնիա, Քուէյթ, Քաթար եւ ԱՄՆ: