
Իսրայէլի Արտաքին Գործոց Նախարարի Տեղակալը Այցելեց Ծիծեռնակաբերդ
Իսրայէլի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ալեքսանդր Պեն-Զուին այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին` ծաղիկներ խոնարհելով անմար կրակի մօտ:
«Հայ ազգի ողբերգութիւնը երբեք կասկածի տակ չէ դրուած: Կայ պատմական հարց, թէ ինչպէս զայն անուանել, բայց այն, ինչ տեղի ունեցած է, փաստ է, որ բոլորը կ՛ընդունին: Սա քաղաքական քննարկումներու թեմա դարձնելու հարց չէ, թող պատմաբանները որոշեն, թէ ինչպիսի անուն տան այդ ողբերգութեան»,- ըսած է արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը:
Իսրայէլի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ալեքսանդր Պեն-Զուին շրջայց կատարեց նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ: