
«Գութան»-ը Պիտի Ներկայացնէ Ամբողջական Հայաստանի Տարբեր Շրջաններու Երգերն ու Պարերը
Օգոստոս 24-ին, ժամը 19:30-ին, Գաֆէսճեան քանդակներու պարտէզին մէջ պիտի իրականացուի «Գութան» ազգային-աւանդական երգի-պարի ամենամեայ փառատօնը։
Ըստ Panorama.am-ի՝ փառատօնի կազմակերպիչները յայտնած են, թէ փառատօնին այս տարի պիտի մասնակցին գրեթէ երկու տասնեակ ազգային-աւանդական երգի-պարի խումբեր՝ «Ակունք», «Կարին», «Սասնայ Ծռեր», «Վան», «Անի», «Մասունք», «Տարօնցիներ», «Նուպար», «Գորանի», «Մարաթուկ», «Արեգ», «Մենք ենք մեր սարերը», «Տաւրոս», «Զարթօնք», «Արդուին», «Վարք հայոց», «Ոստան», «Մշոյ հաւքեր», «Մարաթուկցիներ», «Նինահար» խումբերը:
«Մենք ունինք սկզբունք՝ ամէն տարի փառատօնի իւրաքանչիւր մասնակից խումբ կը ներկայացնէ ամբողջական Հայաստանի որեւէ տարածքի ֆոլքլորը: Այդպիսով մենք նաեւ կը հարստացնենք տուեալ խումբերուն ծրագիրը: Այս տարի եւս, երգի-պարի խումբերը պիտի ներկայացնեն Հայաստանի տարբեր շրջաններու երգերն ու պարերը»,- նշած է փառատօնի մտայղացման հեղինակ Արսէն Գրիգորեան (Մրօ):
Նշենք, որ բոլոր երգերն ու պարերը կը ներկայացուին պարտադիր կենդանի նուագակցութեամբ՝ բացառապէս կատարուելով մեր ազգային նուագարաններով:
«Արդէն 5-րդ տարին իրականացուող փառատօնը կը յայտնաբերէ նոր խումբեր, որոնք եւս, ինչպէս աւանդաբար մասնակցողները, մեծ աշխատանք կը կատարեն տարուան ընթացքին, կը պատրաստուին, որպէսզի ըստ արժանաւոր կերպով ելոյթ ունենան «Գութան»-ի ծիրէն ներս: Բացի խումբերը յայտնաբերելէ, փառատօնին նպատակն է երեւան հանել ստեղծագործութիւններ, որոնք մատնուած են մոռացութեան, փրկել զանոնք եւ հրամցնել ունկնդիրին: Չէ՞ որ այս փառատօնը կը կրէ հայ աւանդական երաժշտարուեստի, երգարուեստի եւ պարարուեստի պահպանման, տարածման ու սերունդէ սերունդ փոխանցման իւրատեսակ առաքելութիւնը: Եւ այսօր, առաւել քան արդիական խնդիր է մեր ազգային մշակոյթի պահպանումն ու փոխանցումը սերունդներուն»,- նշած են կազմակերպիչները:
Փառատօնը այս տարի տեղի պիտի ունենայ մէկ ամիս շուտ. կազմակերպիչները հաշուի առած են երկու կարեւոր հանգամանք՝ Սեպտեմբերի անկանխատեսելի եղանակային պայմանները եւ զբօսաշրջիկներու ներկայ մեծ ներհոսքը Հայաստան: Բացի այն, որ հայ մշակոյթը կը ներկայացուի տեղաբնակներուն, անիկա նաեւ ճանաչելի կը դառնայ օտարերկրացիներուն:
Փառատօնի մեկնարկէն առաջ, Օգոստոս 22-ին, իւրաքանչիւր խումբ, Երեւանի որեւէ վարչական շրջանին մէջ, հանդէս պիտի գայ համերգով: Իսկ Օգոստոս 23-ին, Գաֆէսճեան քանդակներու պարտէզէն (Քասքատ) դէպի Հիւսիսային պողոտայ, ֆլեշմոպ պիտի կազմակերպուի, որուն պիտի մասնակցին փառատօնի մասնակից երգի ու պարի խումբերը, պիտի ներկայացնեն նաեւ գեղարուեստական համարներ: Փառատօնի ընթացքին պիտի ցուցադրուին նաեւ մեր անցեալի հայ երգի ու պարի երախտաւորներու կեանքին ու գործին վերաբերող ֆիլմեր՝ արժեւորելով անոնց ծաւալած գործունէութիւնն ու մեզի փոխանցած աւանդը: Փառատօնի կազմակերպիչները յոյս ունին, որ ինչպէս նախորդ տարիներուն, այնպէս ալ այս տարի, «Գութան»-ը պիտի իրականացուի նաեւ Արցախի մէջ: «Գութան» ազգային-աւանդական երգի-պարի ամենամեայ փառատօնը կ՝իրականացուի 2014 թուականէն:
Փառատօնը կ՝իրականացուի ՀՀ վաստակաւոր արտիստ Արսէն Գրիգորեանի մտայղացումով եւ նախաձեռնութեամբ, ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան եւ Երեւանի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ: