Արցախ Այցելելուն Պատճառով՝ Ատրպէյճան Արգիլած է Մերգելի Կուսակցութեան Պատգամաւորին Մուտքը Իր Երկիր

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախ այցելելուն պատճառով՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները արգիլած են Գերմանիոյ վարչապետի Քրիստոնեայ-դեմոկրատական միութիւն կուսակցութեան պատգամաւոր Ալպերթ Վայլերի մուտքը իրենց երկիր: Ըստ News.am-ի՝ այս մասին հաղորդած է Bild պարբերականը:

Վայլեր Արցախ այցելած էր 2014 եւ 2016 թուականներուն: Ատրպէյճանը զայն յայտրարած է «անցանկալի անձ» եւ իր երկիր մուտքի արգելքի որոշումը կայացուցած է ամենաբարձր մակարդակով, այնպէս որ, ատրպէյճանցի դեսպանի հետ այդ հարցով բանակցութիւնները անարդիւնք աւարտած են:

Հարաւային Կովկասի երկիրներուն հետ Գերմանիոյ յարաբերութիւններու խորհրդարանական խումբի փոխնախագահ Ալպերթ Վայլերը պէտք է Օգոստոս 24-ին Մերգելին ուղեկցեր Վրաստան, Հայաստան եւ Ատրպէյճան այցին ընթացքին:

Վայլեր մտահոգութիւն յայտնած է տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ՝ նշելով,- «Ատրպէյճանը հաճոյքով ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ ժողովրդավար երկիր: Ժողովրդավարական ճանապարհով ընտրուած պատգամաւորի դէմ այդ գործողութիւնները ո՛չ մէկ ընդհանուր բան ունին ժողովրդավարութեան հետ»: Վայլեր մտադիր է հրաժարելու ուղեւորութենէն:

Leave a Reply