
Արտակ Զէյնալեան Երեւանի Քաղաքապետի Թեկնածու Կ’առաջադրուի
ՀՀ արդարադատութեան նախարար Արտակ Զէյնալեան այսօր յայտարարած է, որ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն պիտի գլխաւորէ «Լուսաւոր Հայաստան» եւ «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւններու դաշինքի ցուցակը:
«Ես` որպէս արդարադատութեան նախարար, պիտի ներկայացնեմ արձակուրդ երթալու դիմում, եւ այդ պայմաններու մէջ պիտի մասնակցիմ քարոզարշաւին: Պիտի չհամատեղեմ նախարարի պաշտօնը թեկնածուի կարգավիճակի հետ»,- ըսած է Զէյնալեան:
Ան նշած է, որ նոր դաշինքի անուանումը դեռ կը քննարկուի:
Երեւանի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւնները նախատեսուած են Սեպտեմբեր 23-ին: