ՀՀ Դատախազութիւնը Քոչարեանը Կալանքէ Ազատելու Որոշումին Դէմ Բողոք կը Ներկայացնէ Վճռաբեկ Դատարան

Հայաստան

ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւնը, Օգոստոս 20-ին, բողոք կը ներկայացնէ Վճռաբեկ դատարան`  ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը կալանքէ ազատ արձակելու ՀՀ վերաքննիչ դատարանի որոշումին դէմ: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, յայտնած է ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան հանրային կապերու բաժինի պետ Արեւիկ Խաչատրեան:

Օգոստոս 17-ին, ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը կալանքէ ազատ արձակելու վերաբերեալ վերաքննիչ դատարանին որոշումը ստացած են թէ՛ մեղադրող, եւ թէ պաշտպանական կողմը:

Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպանական խումբը նոյնպէս քննարկած է բողոք ներկայացնելու Վճռաբեկ դատարան, որպէսզի անոնց կողմէ ներկայացրած հիմնաւորումներէն երկուքը նոյնպէս այնտեղ քննարկման առարկայ դառնան:

Յիշեցնենք, որ Օգոստոս 13-ին, ՀՀ վերաքննիչ քրէական դատարանին կողմէ բաւարարուած էր ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ կալանքը իբրեւ խափանման միջոց կիրառելու առաջին ատեանի դատարանի որոշումին դէմ պաշտպաններու բողոքը` հաշուի առնելով, որ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը անձեռնմխելի է:

 

Leave a Reply