
Հայ Դատի Յանձնախմբի Պատուիրակութիւնը Հանդիպած է Գանատայի Փոքր Գործարարութեան եւ Արտահանման Խթանման Նախարարին Հետ
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը հանդիպած է երկրի փոքր գործարարութեան եւ արտահանման խթանման նախարար Մարի Նկանի հետ: Հայ Դատի փոխանցած տեղեկութիւններով՝ յանձնախումբի պատուիրակութեան կազմին մէջ եղած են Շահէն Միրաքեան, Սեւակ Պէլեան եւ Մարիաննա Դաւիթեան:
Հանդիպումին ընթացքին՝ Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութեան անդամները նախարարին ներկայացուցած են յանձնախումբին աշխատանքները եւ Գանատայի հայկական համայնքին պատմութիւնը:
Կողմերը փոխանակած են մտքեր եւ քննարկած են փոքր գործարարութեան ու արտահանման խթանման ուղղութեամբ Գանատայի կառավարութեան որդեգրած քաղաքականութեան, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի յառաջիկայ նախաձեռնութիւններու, հայ-գանատական երկկողմ յարաբերութիւններու եւԱրցախի մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ:
Քննարկուած են նաեւ Երեւանի մէջ կայանալիք Ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովի, ինչպէս նաեւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն հետ կապուած հարցեր:
Կողմերը համաձայնած են շարունակել համագործակցութիւնը քննարկուած հարցերուն եւ Գանատայի մէջ հայ համայնքին հետ կապուած հարցերուն շուրջ: