Հակառակորդի Ձախողած Յարձակման Փորձերը Ցոյց Կու տան ՊԲ-ի Պատրաստուածութեան Բարձր Աստիճանը. Դաւիթ Բաբայեան

Հայաստան

Հակառակորդը պարբերաբար կը դիմէ նման քայլերու՝ստուգելու հայկական կողմին պատրաստուածութիւնը եւ զգօնութիւնը:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ անդրադառնալով ՊԲ դիրքերէն մէկուն վրայ հակառակորդի ձախողած յարձակման փորձին, ըսած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամուլի խօսնակ Դաւիթ Բաբայեան:

«Արտառոց ոչ մէկ բան տեղի ունեցած է: Այս անգամ եւս փորձ կատարեցին եւ լիակատար ձախողեցան: Ընդհանուր առմամբ, իրավիճակը կը շարունակէ մնալ վերահսկելի, եւ մեր կողմէն թուլութեան որեւէ դրսեւորում եւ, առաւել եւս, խուճապ չկայ եւ չի կրնար ըլլալ»,- ըսած է Բաբայեան:

Խօսելով վերջին շրջանին Արցախա-ատրպէյճանական սահմանագիծի իրավիճակին մասին, ԱՀ նախագահի մամուլի խօսնակը նշած է, որ իրավիճակը կայուն է, սակայն այդ կայունութեան հիմնական գրաւականը այն է, որ հայկական կողմը միշտ պատրաստ է եւ զգօն:

«Մենք գիտենք հակառակորդի նենգութեան եւ ատելութեան աստիճանը: Այդպիսի ահաբեկչական փորձերուն ձախողումը ցոյց կու տայ, որ ռազմավարական նախաձեռնողականութիւնը կը շարունակէ մնալ Պաշտպանութեան բանակի ձեռքին»,- ըսած է Բաբայեան:

Յիշեցնենք, որ այսօր՝ ժամը 00:00-ի սահմաններուն, հակառակորդի 15-հոգինոց խումբը յարձակման փորձ ձեռնարկած է ՊԲ հիւսիսային հատուածին վրայ տեղակայուած մարտական դիրքերէն մէկուն ուղղութեամբ:

ՊԲ դիրքապահ ստորաբաժանումները ժամանակին հաւաստանշած են հակառակորդի նախայարձակ խումբին գործողութիւնները եւ վերջիններս ետ շպրտած ելման դիրքեր:

Տեղի ունեցած փոխհրաձգութեան ընթացքին ՊԲ-ն որեւէ կորուստ չէ ունեցած: Հակառակորդին ունեցած կորուստներուն մասին տուեալները կը ճշտուին:

 

Leave a Reply