100 Օրուան Ընթացքին Մենք Լուծած Ենք Մեր Հիմնական Խնդիրը. ՀՀ Վարչապետ

Հայաստան

Կը լրանայ մեր կառավարութեան գործունէութեան 100 օրը եւ, ըստ էութեան, կ՝ուզեմ արձանագրել հետեւեալը. այս 100 օրուան ընթացքին մենք լուծած ենք մեր հիմնական խնդիրը՝ ապահոված ենք յետյեղափոխական շրջանին երկրի բնականոն գործունէութիւնը եւ տնտեսութեան բնականոն շարունակական զարգացումը»,- այս մասին, ըստ Panorama.am-ի, այսօրուան կառավարութեան նիստին սկիզբը,  յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Անոր կարծիքով, 100 օրուան ժամանակաշրջանէն ետք կը թեւակոխեն նոր փուլ մը, որուն հիմնական իմաստը բարեփոխումները «ֆորսաժ»-ի ենթարկելն է. «Այսինքն՝ շատ արագ եւ արդիւնաւէտ բարեփոխումներ ընել, որպէսզի երկրի եւ տնտեսութեան համար նոր շունչ,  երկրորդ արագութիւնը բացուի, որպէսզի մենք կարենանք նաեւ պիւտճէթային քննարկումներու ծիրէն ներս արդէն շատ յստակ հեռանկարներ եւ արդիւնքներ արձանագրել: Այնպէս որ, ես յոյս ունիմ, որ այս 100 օրուան ընթացքին, որուն արդիւնքները պիտի ամփոփուին վաղը՝ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունենալիք հանրահաւաքին ընթացքում՝ կուտակուած բովանդակութիւնը եւ ուժը հնարաւորութիւն պիտի տայ, որ մենք նոր թափով իրագործենք եւ հետամուտ ըլլանք այն խնդիրներուն, որ մեր առաջ դրած են ՀՀ քաղաքացիները, հայ ժողովուրդը»,- ընդգծած է ՀՀ վարչապետը:

Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով՝  որեւէ կասկած չկայ, որ կառավարութիւնը այդ խնդիրները կը լուծէ արդիւնաւէտ կերպով։

«Հայ ժողովուրդին յաղթանակը անխուսափելի է»,- իր խօսքի աւարտին աւելցուցած է վարչապետը:

 

Leave a Reply