Չի Կրնար Հակամարտութեան Գլխաւոր Կողմը Հեռացուած Կամ Մէկ Կողմ Քաշուած Ըլլալ Բանակցութիւններու Սեղանէն. Աշոտ Ղուլեան

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան բանակցութիւններու չմասնակցիլը կը խօսի այն մասին, որ Ատրպէյճան պատրաստ չէ Ղարաբաղի հիմնախնդիրի հարցով կարգաւորման երթալու: Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ խօսելով Արցախի Հանրապետութեան բանակցային գործընթացին մասնակցելու վերաբերեալ, նման տեսակէտ յայտնած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան:

«Բանակցային գործընթացին մէջ, ցաւօք, ոչ այնքան լաւ ժամանակներ են այս պահուն: Մեզի համար փակուղային իրավիճակ է եւ շատ դժուար է կանխատեսել, թէ ինչ լրացուցիչ զարկերակներով կարելի է խթանել բանակցային գործընթացը: Մենք ունինք հիմնական երկու խնդիր, որոնցմէ մէկը խորքային է՝ բանակցային գործընթացին մէջ շատոնց խախտուած է ձեւաչափը: 1997-1998 թուականներէն ետք՝ բանակցային ձեւաչափը աղճատուած է, այսինքն Արցախի Հանրապետութիւնը չի մասնակցիր բանակցութիւններուն: Անկէ ետք՝ բանակցութիւնները ընդհանրապէս փոխած են իրենց ընդհանուր կառուցուածքը եւ, եթէ մինչ այդ բանակցութիւններ տեղի ունեցած են աշխոյժ երկխօսութեան ճանապարհով, այսօր, սակայն, ամէն ինչ փոխուած է` անցած են մաքոքային դիւանագիտութեան, այսինքն` միջնորդները կ՝այցելեն բոլոր կողմերուն»,- նշած է Ղուլեան:

ԱԺ նախագահը նաեւ առանձնացուցած է այլ խնդիր մը, որ բանակցային գործընթացը չի խթաներ` ամէն անգամ Ատրպէյճան կը փորձէ տարբեր կառուցակարգեր մտածել, ուր խնդիրը կ՝երեւի իբրեւ հայ-ատրպէյճանական: «Այս իսկ պատճառաբանութեամբ է, որ Ատրպէյճանը կը փորձէ խնդիրի սրացումներ ձեռնարկել Հայաստանի հետ սահմանի տարբեր կէտերու վրայ: Այս ամէնը միջոցներ են` արդարացնելու ատրպէյճանական այն կարծրատիպը, որմով կը փորձեն ցոյց տալ, թէ խնդիրը հայ-ատրպէյճանական է: Բացի եռակողմ հանդիպումէն, կը կարծեմ, այլ տարբերակ չի կրնար ըլլալ, քանի որ շատոնց ղարաբաղեան հիմնախնդիրի բանակցային գործընթացը պաշտօնապէս հաստատուած է փաստաթուղթերով` ամենաբարձրը ԵԱՀԿ Պուտափէշտի գագաթնաժողովն է»,- նշած է Ղուլեան:

Ան վստահեցուցած է, որ կան փաստաթուղթեր, եւ համաձայն անոնց՝ Արցախի Հանրապետութեան մասնակցութիւնը բանակցային գործընթացին անհերքելի է: ԱՀ Աժ նախագահի կարծիքով՝ բանակցութիւններուն Արցախի մասնակցելու՝ Ատրպէյճանի պատասխանէն շատ պարզ կը դառնայ, թէ իրենք կ՝ուզեն իրական կարգաւորում, թէ խնդիր  դրած են յետաձգելու հիմնախնդիրին կարգաւորումը: «Չի կրնար հակամարտութեան գլխաւոր կողմը հեռացուած կամ մէկ կողմ քաշուած ըլլալ բանակցութիւններու սեղանէն»,- շեշտած է Աշոտ Ղուլեան:

Նշենք, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Մայիսին Արցախի մէջ կայացած ասուլիսին  ընթացքին ըսած էր, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման համար ամենակարեւոր մասը կը համարէ ճիշդ ձեւաչափով բանակցութիւնները, որոնց պէտք է անպայման մասնակցութիւն ունենայ նաեւ Արցախը:

 

Leave a Reply