Ուրֆայի Հայկական Պատմական Եկեղեցին Կործանման Եզրին է (լուսանկարներ)

Աշխարհ, Էրկիր

Այժմեան Թուրքիոյ Շանլըուրֆա (Ուրֆա) նահանգի Գերմուշ գիւղի հայկական Սուրբ Աստուածածին պատմական եկեղեցին ոչնչացման եզրին է։ Հակառակ անոր, որ եկեղեցին յայտարարուած է «զբօսաշրջական գօտի», այնուամենայնիւ, որեւէ վերակառուցման աշխատանքներ մինչ օրս չեն իրականացուած: Այս մասին, ըստ Ermenihaber.am-ի, կը հաղորդէ  Gazete Karinca-ն։

Ժամանակին եկեղեցին ներառուած էր Թուրքիոյ զարգացման նախարարութեան կողմէ իրականացուող նիւթական ծրագիրին մէջ։ Մինչեւ 2013 անիկա կ՝օգտագործուէր իբրեւ ախոռ։ Նախարարութեան որոշումով՝ կը նախատեսուէր պահպանութեան տակ առնել հայկական պատմական գիւղն ու եկեղեցին, մաքրել եւ կարգի բերել շրջակայքը։

Աղբիւրը կը նշէ, որ եկեղեցւոյ պատերուն վիճակը հետզհետէ կը վատանայ։ Եկեղեցին բազմիցս թիրախ դարձած է գանձագողերու, իսկ տարածքին մէջ փորուած են մեծ փոսեր։

Եկեղեցին կը գտնուի Ուրֆա քաղաքէն 10քմ հեռաւորութեան վրայ՝ հիւսիսարեւելքը։ Նախքան Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ եկեղեցւոյ մօտ եղած է նաեւ դպրոց, ուր յաճախած է աւելի քան 100 աշակերտ։ 1881-ին եղեկեղեցին վերակառուցուած էր Յակոբ Արտուիսեանի կողմէն։

 

Leave a Reply