
Մերգել-Էրտողան Հեռաձայնային Զրոյցը Լայն Արձագանգ Գտած է Գերմանական Մամուլի Մէջ
Օգոստոս 15-ին, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերգելը ունեցած են հեռաձայնային զրոյց մը, որուն ընթացքին քննարկած են երկու երկիրներուն, տարածաշրջանին, մասնաւորապէս Սուրիոյ վերաբերող շարք մը հարցեր: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Milliyet-ը։
Երկու երկիրներուն ղեկավարները համաձայնութեան եկած են Թուրքիոյ Գանձապետարանի եւ ելեւմտական նախարար Պերաթ Ալպայրաքի եւ Գերմանիոյ ելեւմտական ու տնտեսութեան նախարարի հանդիպման նշանակման շուրջ:
Մերգել եւ Էրտողան վճռականութիւն յայտնած են բարձրաստիճան փոխայցերով եւ կապերով ալ աւելի ապրապնդելու թուրք-գերմանական համագործակցութունը:
Էրտողան-Մերգել հեռաձայնային զրոյցը մեծ արձագանգ գտած է նաեւ գերմանական մամուլի մէջ: Մասնաւորապէս նշուած է, որ Սեպտեմբերին կայանալիք հանդիպման ժամանակ՝ Էրտողանը Գերմանիա պիտի մեկնի մեծ պատուիրակութեամբ, որուն կազմին մէջ պիտի ըլլան ելեւմտական, տնտեսութեան, արտաքին գործոց եւ արդարադատութեան նախարարները:
Գերմանիոյ կառավարութեան մամուլի խօսնակ Սթեֆըն Զայպերթ յայտնած է, որ հանդիպումը պիտի կայանայ Սեպտեմբեր 28-29-ին: Իսկ մինչ այդ՝ երկու երկիրներու ելեւմտական եւ տնտեսութեան նախարարները պէտք է նախապատրաստական հանդիպում իրականացնեն: