ՀՀ Կառավարութիւնը Կրճատեց Երեւանի Աւագանիի Լիազօրութիւններուն Ժամկէտը. Վարչապետը Ընդգծեց, որ Ընտրութիւնները Պէտք Բացառիկ Ըլլան

Հայաստան

ՀՀ կառավարութիւնը կրճատեց Երեւանի աւագանիի լիազօրութիւններուն ժամկէտը: Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի (ԿԸՅ) կողմէն հրապարակած օրը՝ Երեւան համայնքին մէջ պիտի նշանակուին ու իրականացուին Երեւանի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններ:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ Տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Սուրէն Պապիկեան յայտարարեց, որ հրապարակումէն 30-40-օրեայ ժամկէտի մէջ ԿԸՅ-ն կը նշանակէ Երեւանի արտահերթ ընտրութիւններուն օրը։

«Ասիկա մեր կառավարութեան օրօք տեղի ունենալիք առաջին այս ծաւալի ընտրութիւնն է ու յոյս ունինք, որ բոլորս կը գիտակցինք` այս ընտրութիւնները պէտք է ըլլան բացառիկ` օրինականութեան, թափանցիկութեան ու արդարութեան առումով»,- ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ ընդգծելով, որ իր գլխաւորած կառավարութեան համար առաջնահերթութիւն է ընտրութիւններու ազատութիւնը, ժողովրդավարութիւնն ու օրինականութիւնը ապահովելը:

«Ես յատուկ կ՝ուզեմ մէկ անգամ եւս ընդգծել, որ խնդիրները շատ յստակ ձեւակերպուած են` ընտրակեղծարարներու խումբերը այս ընտրութիւններուն որեւէ ընելիք չունին, իսկ եթէ յանկարծ պարզուի, որ իրենց կարծիքով ընելիք ունին, կու գայ իրաւապահ մարմիններու արագ, շեշտակի եւ արդիւնաւէտ ընելիքին ժամանակը: Այս ընտրութիւններուն ընտրակաշառքի որեւէ դէպք պէտք չէ արձանագրուի կամ ընտրակաշառքի փորձ ընող ոեւէ անձ պէտք չէ մնայ առանց պատասխանատւութեան»,- ըսաւ վարչապետը: Անոր խօսքով՝ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու կամքին վրայ որեւէ ապօրինի ազդեցութիւնը պէտք է բացառուի եւ ասիկա ապահովելը կառավարութեան պարտաւորութիւնն է:

«Ամէն ինչ ճիշդ այսպէս պիտի ըլլայ: Յոյս ունիմ, որ ոեւէ մէկը չի դիմեր իր բախտը փորձելու գայթակղութեան, նկատի ունիմ յայտնի խումբերն ու շրջանակները, իսկ եթէ դիմէ` իր ընտրութիւնն է, այդ պարագային ՀՀ օրէնքը յստակ կ՝ըսէ, թէ ինչ պէտք է ընեն իրաւապահ ու պետական մարմինները»,- շեշտեց ՀՀ վարչապետը:

 

Leave a Reply