
ԱԱԾ-ն Վերջին 100 Օրուան Ընթացքին Պետական Պիւտճէ Վերականգնած է 2017-ի Ցուցանիշէն 8-9 Անգամ Աւելի Գումար
ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը՝ վերջին 100 օրուան ընթացքին՝ արձանագրած է մեծ ձեռքբերումներ: Կառավարութեան նիստէն ետք՝ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին՝ նման համոզմունք յայտնած է ԱԱԾ տնօրէն Արթուր Վանեցեան: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։
«Իմ ղեկավարած կառոյցը ունեցած է մեծ ձեռքբերումներ: Այս 100 օրուան ընթացքին պետբիւջէ վերականգնուած գումարին չափը 8-9 անգամ կը գերազանցէ ամբողջ 2017 թուականին վերականգնուածին չափը»,- ըսած է ԱԱԾ տնօրէնը:
Վանեցեանը, միաժամանակ, հրաժարած է անդրադառնալ ԱԱԾ-ի նախկին գործունէութեան եւ նշած, որ կրնայ խօսիլ միայն 2018 Մայիս 10-էն սկսեալ գործունէութեան մասին: «Ես քաղաքական գործիչ չեմ եւ քաղաքական յայտարարութիւններ առհասարակ չեմ ըներ»,- ընդգծած է ան:
Անդրադառնալով այն հարցին, թէ ինչով պայմանաւորուած է ԱԱԾ-ի արդիւնաւէտ աշխատանքը՝ Արթուր Վանեցեան նշած է, թէ նոր աշխատանքով, վարչապետի եւ նոր կառավարութեան մօտեցումներով: