
ՀՀ Վարչապետը Ցաւակցական Հեռագիր Յղած է Իտալիոյ Վարչապետին
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ցաւակցական հեռագիր մը յղած է Իտալիոյ Հանրապետութեան վարչապետ Ճուզեփէ Գոնդէին՝ Ճենովայի մէջ Օգոստոս 14-ին կամուրջի փլուզման հետեւանքով մարդկային զոհերուն կապակցութեամբ:
ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Նիկոլ Փաշինեանի հեռագիրին մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է. «Հայաստանի մէջ խոր վիշտով ընդունեցին Ճենովայի մէջ կամուրջի փլուզման ողբերգական լուրը, որ բազմաթիւ մարդկային զոհեր պատճառած էր:
Իմ խորին վշտակցութիւնն ու զօրակցութիւնը կը յայտնեմ Ձեզ եւ Իտալիոյ բարեկամ ժողովուրդին՝ մաղթելով զոհուածներու հարազատներուն տոկունութիւն եւ ոգիի արիութիւն, իսկ վիրաւորներուն՝ շուտափոյթ ապաքինում»: