Հայաստանի Մէջ Նոր Կուսակցութիւն Կը Ստեղծուի

Հայաստան

«Նոր կուսակցութիւն ստեղծելու գաղափարը բազմաթիւ քննարկումներու արդիւնք է: Նախապէս երբեք կուսակցութիւն հիմնելու տրամադրութիւն չեմ ունեցած, սակայն գաղափարակից ընկերներով եկանք այն եզրակացութեան, որ պէտք է նման գործի սկսինք»,- ըստ «Փանորամա»-ի՝ այսօր կայացած մամուլի ասուլիսի ժամանակ ըսած է «Հայաստանի քրիստոնէա-ժողովրդավարական կուսակցութեան» նախաձեռնող խումբի անդամ, քաղաքագէտ Լեւոն Շիրինեան:

«Մենք կը կարծենք, որ թաւշեայ յեղափոխութեան արդիւնքները անպայմանօրէն պէտք է արդիւնաւորուին: Երկրորդ, թաւշեայ յեղափոխութեան հռչակած նպատակները պէտք է դառնան ուղենիշային մեր պետականութեան համար: Մենք յստակ կը կանգնինք ՀՀ անկախութեան եւ ազգային  պետականութեան կերտման տեսակէտի վրայ: Չորրորդ հանրապետութիւնը իրական Հայաստանի վերածնունդը պիտի ըլլայ:

Մեր մօտ եղած է վիճակ մը, երբ չունենալով լաւ քաղաքական-գաղափարական կառոյցներ` գացինք դէպի վարչապետութիւն, ինչ որ կուսակցական համակարգի չկայանալու պարագային շատ վտանգաւոր է: Որոշած ենք զբաղեցնել խորհրդարանական քաղաքական համակարգի աջ-կեդրոն դիրքորոշմամբ տեղը»,- ըսած է Շիրինեան` աւելցնելով, որ իրենց տեսակէտը բաժնող իւրաքանչիւր անձ կրնայ  համալրել ստեղծուելիք կուսակցութեան շարքերը:

Անոր խօսքով, իրենք որոշած են երթալ նոր լոյսի` քրիստոնէութեան լոյսի տակ աւանդոյթներու վերականգնման ճանապարհով:  Անոր պնդումով, Հայաստանը սակաւապետական երկիր պէտք չէ ըլլայ, սակաւապետութիւնը պէտք է ոչնչացուի:

«Պիտի գործենք երկու սկզբունքի հիման վրայ` քաղաքական համաձայնութիւն Ազգային Ժողովի բոլոր ուժերու հետ եւ ընկերային գործընկերութիւն»,- շեշտեց քաղաքագէտը

Նախաձեռնող խումբի անդամ, իրաւագիտութեան թեկնածու Վարդան Այվազեան իր հերթին նկատել տուաւ, որ ստեղծուելիք կուսակցութիւնը որակապես նոր քաղաքական ուժ պիտի ըլլայ:

«Երբեք պետութեան կամ քաղաքական իշխանութեան մակարդակով խնդիր չէ դրուած ապահովելու պետականութեան որակականութիւնը: Այս խնդիրը չդնելու պարագային չէ դրուած նաեւ կուսակցութիւններու որակականութեան խնդիրը, եւ որպէս հետեւանք ունեցած ենք այնպիսի իրավիճակ, երբ քաղաքական կուսակցութիւնները ծառայած են ոչ թէ պետութեան շահերուն, այլ եղած են առանձին անձերու շահերը սպասարկող կեդրոններ:

«Ինչ կը վերաբերի պետութեան եւ հասարակութեան, ապա անոնք պէտք չէ դուրս գան իրենց էութեան շրջանակներէն: Սա է մեր հիմնական խնդիրը: Մեր կուսակցութիւնը նպատակ չի հետապնդեր գլխաքանակով ապահովել իր ազդեցութիւնը: Մեր կուսակցութեան մէջ մենք կը դնենք որակականութեան չափանիշը»,- ըսաւ բանախօսը` աւելցնելով, որ իրենք հասարակութեան սին խոստումներ պիտի չտան:

Leave a Reply