Հակազդեցութիւն Էրտողանի Քարոզչութեան «Նիւ Եորք Թայմս» Թերթին Մէջ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» (www.TheCaliforniaCourier.com) թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր  Յարութ Սասունեան 

Տարիներ շարունակ թրքական կառավարութիւնը Ուաշինկթընի մէջ վարձած է բազմաթիւ ամերիկեան ընկերութիւններ՝ լոպպիստական ​​գործունէութիւն ծաւալելու եւ իր անունով հանրային կապեր հաստատելու համար:

Նման ընկերութիւններ վարձելը շատ սուղ է եւ մասնաւորապէս՝ գումարի վատնում, քանի որ անոնք կը ստեղծեն աւելի շատ փաստաթուղթեր, քան՝ իրական արդիւնք: Սակայն, անոնք կրնան երբեմն նախապատրաստել յօդուածներ թուրք պաշտօնեաներու անունով ու օգնել զանոնք հրապարակելու ամերիկեան թերթերու մէջ եւ կազմակերպելու անոնց այցելութիւններն ու հանդիպումները Միացեալ Նահանգներու մէջ:

Թրքական կառավարութիւնը ստիպուած է խոշոր գումարներ ծախսելու նման ընկերութիւններ վարձելու համար, քանի որ ան չի կրնար ապաւինիլ Ամերիկայի թրքական համայնքին՝ իր անունով լոպպիստական ​​գործունէութիւն ծաւալելու կամ PR իրականացնելու, անկախ անկէ, թէ ինչքան գումարներ կը յատկացուին Անգարայէն: Նոյն իրավիճակի մէջ են Ատրպէյճանի կառավարութիւնն ու Ամերիկայի ատրպէյճանական համայնքը: Ո՛չ թրքական, ո՛չ ատրպէյճանական համայնքները աշխոյժ են ամերիկեան քաղաքականութեան մէջ եւ անոնք այդքան շատոնց գոյութիւն չունին Միացեալ Նահանգներու մէջ, ինչպէս հայկական համայնքը: Ահա թէ ինչու Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը կ՝ապաւինին վճարովի լոպպիստներուն՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ իրենց շահերը առաջ մղելու համար:

Հաշուի առնելով ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն մէջ տեղի ունեցած վերջին շրջադարձը, հաւանաբար թրքական կառավարութեան կողմէն վարձուած PR ընկերութիւններէն մէկուն խնդրած էին սիւնակ նախապատրաստել Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի անունով եւ օգտագործել իր կապերը՝ «Նիւ Եորք թայմս» թերթին մէջ այդ յօդուածը հրապարակելու համար:

Բնականաբար, սիւնակը պէտք է աւելի շատ արտացոլէր Էրտողանի տեսակէտները, քան PR ընկերութեան ներկայացուցիչներուն: Հետաքրքրական պիտի ըլլար համեմատել ամերիկեան PR ընկերութեան առաջարկած առաջին տարբերակը վերջնականին հետ, որ վերանայուած էր Էրտողանի աշխատակազմին կողմէ:

Դատելով Էրտողանի յօդուածին բովանդակութենէն, կարելի է եզրակացնել, որ PR ընկերութեան առաջարկած նիւթը՝ գրուած նրբանկատօրէն եւ վարպետօրէն, չէ ընդունուած Անգարայի կողմէ: Փոխարէնը, այն ինչ հրապարակուած է «Նիւ Եորք թայմս» թերթին մէջ՝  Էրտողանի բռնակալական եւ ամբարտաւան կեցուածքին բնորոշ ճոռոմ յօդուած է… Մերժելով PR ընկերութեան աւելի դիւանագիտական նիւթը, Էրտողան իր յօդուածը դարձուցած է անիմաստ՝ ամերիկեան հասարակութեան եւ կառավարութեան վրայ որեւէ դրական ազդեցութիւն ձգելու իմաստով:

Էրտողանի 2018 Օգոստոս 10-ի քննադատական ​​յօդուածը վերնագրուած էր՝ «Թուրքիան ինչպէ՞ս կը տեսնէ ԱՄՆ-ի հետ ճգնաժամը», եւ ունէր հետեւեալ ենթավերնագիրը՝ «Միացեալ Նահանգներու դէմ Թուրքիոյ միակողմանի գործողութիւնները կը վնասեն ամերիկեան շահերը եւ կը ստիպեն Թուրքիոյ փնտռելու այլ բարեկամներ ու դաշնակիցներ»։

Ընթերցողը չի տպաւորուիր յօդուածի նման վերնագիրով՝ իր հակասական ոճին եւ սպառնացող լեզուին պատճառով, որ չի նպաստեր որեւէ վէճի լուծման: Ահա քանի մը օրինակ Էրտողանի վիճելի տեսակէտներէն, որոնք տեղ գտած են անոր հակասական խմբագրական սիւնակին մէջ:

– «… Միացեալ Նահանգները բազմիցս եւ հետեւողականօրէն չէ հասկցած եւ չէ յարգած թուրք ժողովուրդին մտահոգութիւնները»:

Իսկ ի՞նչ պիտի ըսէք թուրք ղեկավարին կողմէ ամերիկեան ժողովուրդի մտահոգութիւնները հասկնալու եւ յարգելու մասին… «Պոչը չի շարժեր շունը…»։ Էրտողան չի հասկնար, որ Թուրքիան աւելի շատ ունի Միացեալ Նահանգներու կարիքը, քան Միացեալ Նահանգները՝ Թուրքիոյ։ Երկար ժամանակ, Ուաշինկթընի մէջ թոյլ ղեկավարութեան պատճառով, թրքական կառավարութիւնը սանձարձակօրէն վարուած է իբրեւ ՆԱԹՕ-ի անդամ եւ ԱՄՆ դաշնակից։ Որքան շատ ԱՄՆ ղեկավարները կը յարմարին թրքական վատ վարքագիծին, անոնք այնքան աւելի թշնամական կը դառնան։ Եթէ ​​տասնամեակներ առաջ Միացեալ Նահանգները Թուրքիոյ հասկցնէր իր տեղը, ան պիտի սորվէր ինքզինք պահել իբրեւ ԱՄՆ կրտսեր գործընկեր, այլ ոչ թէ իբրեւ խուլիկան…

– Էրտողան կը նախազգուշացնէ. «Եթէ Միացեալ Նահանգներ չսկսի յարգել Թուրքիոյ  ինքնիշխանութիւնը եւ չապացուցէ, որ կը հասկնայ, թէ ինչ վտանգներու առջեւ կանգնած է մեր ազգը, մեր համագործակցութիւնը կրնայ վտանգուիլ… Թուրքիան այլընտրանքներ ունի։ Միակողմանիութեան եւ անյարգալից վերաբերմունքի այս միտումը չփոխելու պարագային, մենք ստիպուած պիտի ըլլանք փնտռելու նոր բարեկամներ եւ դաշնակիցներ»։

Ասիկա դատարկ սպառնալիք է։ Թուրքիան ազատ է դիմելու Ռուսիոյ կամ Չինաստանին եւ կորսնցնելու Միացեալ Նահանգներու եւ Արեւմտեան Եւրոպայի աջակցութիւնը: Ժամանակն է, որ ՆԱԹՕ-ն դիտարկէ Թուրքիան դաշինքէն դուրս շպրտելու հնարաւորութիւնը: Երթա՜ս բարով…

– Էրտողան նաեւ մեղադրած է Միացեալ Նահանգները Սուրիոյ մէջ քիւրտ մարտիկները զինելու եւ այդ զէնքերը «Սուրիոյ, Իրաքի եւ Թուրքիոյ մէջ» Թուրքիոյ դէմ օգտագործելուն մէջ։

Նախ եւ առաջ, սուտ է, որ ամերիկեան զէնքերը քիւրտերու կողմէ օգտագործուած են Թուրքիոյ մէջ: Երկրորդ, թրքական ուժերը իրաւունք չունին ներխուժելու Սուրիա եւ Իրաք՝ խախտելով անոնց տարածքային ինքնիշխանութիւնը:

Էրտողան կը շարունակէ հակազդել նախագահ Թրամփի պահանջքին՝ ազատելու ապօրինաբար պահուող ամերիկացի պատուելի Էնտրիւ Պրանսընը՝ խնդրելով Միացեալ Նահանգներէն յարգելու Թուրքիոյ «դատական գործընթացը»: Ի՞նչ դատական ​​գործընթաց Էրտողանի բռնապետութեան ներքոյ… Հազարաւոր թուրքեր բանտարկուած են առանց պատշաճ դատավարութեան կամ նշոյլ իսկ մեղաւորութեան։ Եթէ Էրտողանը խելք ունենար, ան շատոնց հրամայած պիտի ըլլար ազատ արձակելու պատուելի Պրանսընը՝ այդպիսով խուսափելով Միացեալ Նահանգներու հետ աւելորդ առճակատումէ։ Բայց քանի որ Էրտողանը եւ անոր կրտսեր եղբայրը՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, անհաւասարակշիռ անձնաւորութիւններ են, անոնք հակագովազդ կ՝ընեն Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դէմ, որ որեւէ PR ընկերութիւն չի կրնար կարգաւորել, անկախ անկէ, թէ որքան գումար վճարուած է։

Հետաքրքրական է, որ «Նիւ Եորք թայմս»-ը, նոյն օրը, երբ տեղադրած էր Էրտողանի յօդուածը, հրապարակած էր նաեւ խմբագրական՝ դատապարտելով թուրք ղեկավարներուն «անամօթ վարքագիծը» պատուելի Պրանսընը «շինծու մեղադրանքներով» պահելուն համար, եւ հարց բարձրացնելով՝ «արդեօք Թուրքիան դե՞ռ Ամերիկայի դաշնակիցն է»։

Հետեւաբար, «Նիւ Եորք Թայմս» թերթի խմբագրականը կործանեց որեւէ օգուտ, որ Էրտողան կ՝ակնկալէր ստանալ իր քարոզչական յօդուածէն, այդպիսով վատնելով խոշոր գումարներ, որոնք Թուրքիան ծախսած էր հանրային կապերու վրայ։

Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը

 

Leave a Reply