
Քոնկրեսի 48 Անդամներ Թրամփին Յորդորած Են Հանդիպիլ Փաշինեանի Հետ
Ամերիկայի հայկական համագումարը կը հաղորդէ, որ Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի ղեկավարութիւնը նախաձեռնած է նամակ մը, որ ստորագրուած է Քոնկրեսի 48 անդամներու կողմէ, անիկա ուղարկուած է նախագահ Թրամփին: Նամակը կը յորդորէ անոր հանդիպիլ Հայաստանի նորանշանակ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ Միացեալ ազգերու կազմակեպութեան Գլխաւոր Ասամպլէայի տարեկան ժողովի ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբերին` Նիւ Եորքի մէջ:
«Նախագահ Թրամփի եւ վարչապետ Փաշինեանի միջեւ զրոյցը, որ պիտի ընդգծէ տնտեսական զարգացումը, անվտանգութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնը, վճռական է մեր երկիրներու միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան ամուր առանցքի համար»` նշած է հայկական հարցերով համանախագահ` Ֆրենք Փալոն կրտսերը (դեմոկրատ, Նիւ Ճըրսի): Նախագահ Թրամփին ուղղուած նամակին մէջ կ՛ըսուի. «Յեղափոխութենէն ետք իշխանութեան խաղաղ փոխանցումը հայ ժողովուրդի կամքի յստակ ցուցանիշ է՝ ունենալ աւելի արդար եւ ժողովրդավար երկիր: Երբ Հայաստանը կը փորձէ խթանել կառավարութեան թափանցիկութիւնը, ամրապնդել ժողովրդավարական հիմնարկները եւ հզօրացնել քաղաքացիական հասարակութիւնը, Միացեալ Նահանգներու համար որոշիչ է կառավարական բոլոր մակարդակներու մէջ խորացնել կապերը տարածաշրջանային այս գործընկերոջ հետ»:
Երկկողմանի նախաձեռնութիւնը նաեւ խնդրած է «բարձր մակարդակի զրոյցներու շարք [Նախագահի] քարտուղարներու եւ Հայաստանի մէջ իրենց գործընկերներու միջեւ, որոնցմէ շատերը վերջերս նշանակուած են որպէս նորանշանակ կառավարութեան անդամներ»:
«Ամերիկայի հայկական համագումարի անունէն, կը ցանկայի շնորհակալութիւն յայտնել Յանձնախումբի համանախագահներուն եւ փոխնախագահներուն ԱՄՆ-Հայաստան յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ Հայաստանի ժողովրդավարական բարեփոխումներու հաստատապնդման: Մենք կը գնահատենք այս հարցով Յանձնախումբի առաջնորդութիւնը»,- ըսած է Համագումարի գործադիր տնօրէն Բրայեան Արտունին: «Սեպտեմբերին Համագումարը պիտի կազմակերպէ Ազգային շահերու քարոզչութեան համաժողով, որ հիանալի հնարաւորութիւն կ՛ընձեռէ գործիչներու համար, գալ Ուաշինկթըն եւ օգնել ամրացնել ԱՄՆ-Հայաստան յարաբերութիւնները եւ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական զարգացումները», – աւելցուցած է Համագումարի գործադիր տնօրէնը: