Նախիջեւանեան Ուղղութեամբ Ատրպէյճանական Ուժերու Վերադիրքաւորման Փորձերը Ամէն Կերպով Պիտի Կանխուին. ՀՀ ԱԳՆ

Հայաստան

Հայկական կողմը ատրպէյճանական կողմին հանրային եւ այլ խողովակներով յայտնած է, որ Նախիջեւանի ուղղութեամբ վերադիրքաւորման փորձերը անընդունելի են եւ ամէն կերպով պիտի կանխուին: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, այսօր կայացած ճեպազրոյցի մը ընթացքին, ըսած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Աննա Նաղդալեան՝ պատասխանելով Նախիջեւանի ուղղութեամբ տիրող իրավիճակին մասին լրագրողի հարցին:

«Նախիջեւանի ուղղութեամբ իրավիճակին հարցով համապատասխան յայտարարութիւն տարածած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը. այստեղ ՀՀ զինուած ուժերը լիովին կը վերահսկեն իրավիճակը: Իսկ ինչ կը վերաբերի վերադիրքաւորումներուն՝ այդ հարցին առնչութեամբ հանրային եւ այլ խողովակներով մենք ատրպէյճանական կողմին յայտնած ենք, որ նման վերադիրքաւորման փորձերը անընդունելի են հայկական կողմին համար եւ անոնք ամէն կերպով պիտի կանխուին»,- ըսած է Նաղդալեան:

 

Leave a Reply