
ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարը Աշխատանքային Այցելութեամբ Արցախ Մեկնած է
Հայկական երկու հանրապետութիւններու զինուած ուժերու փոխադարձ գործակցութեան ծիրէն ներս, Օգոստոս 13-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած է Արցախ: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը, Արցախի պաշտպանութեան նախարարին ընկերակցութեամբ, եղած է հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ, ներկայ գտնուած բանակային ուսումնական տարուան 2-րդ կիսամեակին առիթով կազմակերպուած հանդիսաւոր ձեռնարկին:
Շնորհակալութիւն յայտնելով անձնակազմին գերազանց ծառայութեան եւ նախորդ կիսամեակին ցուցաբերած բարձր ցուցանիշներուն համար, Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարը մատնանշած է այն խնդիրներու համալիրը, որուն վրայ պէտք է յատկապէս ուշադրութիւն դարձնել արդէն սկսած նոր ուսումնաշրջանին` շեշտը դնելով գիտելիքներու եւ հմտութիւններու կատարելագործման ուղղուած հոլովոյթներուն վրայ:
Ուսումնական նոր փուլի սկզբնաւորութեան նուիրուած ձեռնարկը եզրափակուած է զինուորական անձնակազմի հանդիսաւոր երթով:
Այցելութեան շրջագիծին մէջ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան, Արցախի իր պաշտօնակիցին ընկերակցութեամբ այցելած է նաեւ պաշտպանութեան բանակի հիւսիսարեւելեան առաջնագիծ, հետաքրքրուած մարտավարական իրադրութեամբ, խրախուսած մարտական խնդիրներու կատարման գործին մէջ ուշադրութիւն գրաւած շարք մը զինուորներ:
Դաւիթ Տօնոյեան ծանօթացած է նաեւ «Հայ վիրաւոր հերոսներ» հիմնադրամին կողմէ առաջնագիծին իրականացուող ծրագիրներուն` քննարկած անոնց արդիւնաւէտութեան հետագայ բարձրացման ուղղուած հարցեր` անգամ մը եւս բարձր գնահատելով այն մեծ աջակցութիւնը, որ կը ցուցաբերէ հիմնադրամը` յառաջապահ ստորաբաժանումներուն տրամադրելով առաջին բուժօգնութեան անհատական եւ յատուկ մասնագիտական լրացուցիչ կազմեր:
Ծրագիրին նախաձեռնողները վստահեցուցած են, որ յառաջիկային եւս հիմնադրամը պիտի շարունակէ ըլլալ զինուած ուժերու կողքին եւ իր գործուն աջակցութեամբ նպաստէ բանակին առջեւ դրուած խնդիրները աւելի արդիւնաւէտ կեանքի կոչելու գործին: