
Նախիջեւանեան Ուղղութեամբ Ատրպէյճանական Սադրանքներուն Հայկական Կողմը Երէկ Պատասխանած է Կրակով. ՀՀ ՊՆ Խօսնակ
Նախիջեւանեան ուղղութեամբ ատրպէյճանական կողմը կը շարունակէ սադրանքները:
«Նախիջեւանեան ուղղութեամբ ատրպէյճանական սադրանքներուն հայկական զինուած ուժերը երէկ պատասխանած են կրակով։ Իբրեւ արդիւնք՝ չենք բացառեր ատրպէյճանական զինուժի որեւէ կորուստ»,- դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամուլի քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան։