Հայ Դիրքապահներու Ուղղութեամբ Անցնող Շաբաթ Արձակուած է Աւելի Քան 1800 Կրակոց

Հայաստան

Օգոստոս 5-11 ժամանակահատուածին՝ Արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագօտիին վրայ՝ հակառակորդը հրադադարը խախտած է մօտ 200 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 1800 կրակոց:

ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ ՊԲ առաջապահ զօրամասերը, մասնաւորապէս, ձեռնպահ մնացած են պատասխան գործողութիւններէն եւ անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկած՝ մարտական դիրքերու պահպանութիւնը յուսալիօրէն կազմակերպելու համար։ յայտնում է

Նշենք, որ Օգոստոս 8-ին, ժամը 13:40-ի սահմաններու, Արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծի հարաւարեւելեան (Կուրոպատկինօ) ուղղութեամբ տեղակայուած հակառակորդի մարտական դիրքերէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած էր ուժգին պայթիւն մը, որուն յաջորդած էր մարդկային վայնասուն, իսկ այնուհետեւ մօտ 10 կրակոց: Միջադէպէն հինգ վայրկեան ետք՝ մարտական դիրքին մօտեցած էին շտապ օգնութեան 1 եւ ռազմական այլ տեսակի 5 մեքենայ:

 

Leave a Reply