Թուրքիոյ Մէջ Հանգիստի Տուներէն Մէկու Մը Պատին Հայկական Խաչքար Յայտնաբերուած է

Աշխարհ

Կարս նահանգի Տիկորի շրջանին մէջ, հանրակառքերու եւ ուղեւորներու համար նախատեսուած ճանապարհային հանգիստի տուներէն մէկուն մէջ հայկական խաչքար գտնուած է: Տիկորի շրջանի Հալըքըշլաք գիւղին մէջ գտնուող հանգստեան տան պատին վրայ զարդաքանդակներ նշմարած քաղաքացիները այդ մասին տեղեակ պահած են Տիկորի ոստիկանութեան, կը հաղորդէ «Էրմէնիհապեր»-ը:

Իրաւապահ մարմինները, ժամանելով նշուած տարածք, խաչքարը յայտնաբերելու մասին տեղեկացուցած են Կարսի թանգարանի տնօրինութեան: Կարսի թանգարանի աշխատակիցները պատմական արժէք ներկայացնող խաչքարը տեղափոխած են Կարս:

Կարսի թանգարանի փոխտնօրէն Օզլեմ Էլպիւսթանը լրագրողներուն ըսած է. «Ք․ե․ 9-րդ դարուն հայկական ճարտարապետութեան, մշակոյթի մէջ յաճախ հանդիպող այս կոթողը քանդակազարդ գերեզմանաքար է: Անիկա հայերէն խաչքար կը կոչուի: Անոնց վրայ շատ են խաչի, կենդանիներու եւ երկրաչափական զարդանախշերը: Մեր գտած քարի վրայ օրինակ առկայ է թեւաւոր խաչի կերպար: Քարի վրայ կան երեք տարբեր խաչերու, թռչունի եւ յաւերժութեան նշաններ: Խաչքարը  ունի 1մ 25սմ երկարութիւն, 60սմ լայնութիւն եւ 30սմ հաստութիւն»:

Կարսի թանգարանի փոխտնօրէնը նշած է նաեւ, որ խաչքարը շատ կարեւոր տեղ ունի հայկական մշակոյթին մէջ:

Leave a Reply