Փոխվարչապետը Գողցուած Հանրային Ունեցվածքը Վերականգնելու Համար Դիմած է Համաշխարհային Դրամատան

Հայաստան

Հայաստանի առաջին փոխվարչապետ Արարատ Միրզոյեան դիմած է Համաշխարհային դրամատան ղեկավարութեան Հայաստանէն թալանուած ունեցուածքի վերադարձի հարցով:

«Գաղտնիք չէ, որ կաշառակեր դարձած հասարակութիւններու մէջ փտածութեան, հանրային միջոցներու իւրացման եւ այլ ապօրինի ճանապարհներով կուտակուած միջոցները յաճախ դուրս կը բերուին տուեալ երկրէն եւ կը տեղափոխուին այլ երկիրներ` համեմատաբար հանգիստ եւ ապահով հանգրուան գտնելու»,-  Facebook-ի իր էջում գրել է   առաջին փոխվարչապետ Արարատ Միրզոյեան:

«Այս արատաւոր սովորութեան վերջ դնելու եւ թալանուած հանրային ունեցուածքը վերականգնելու նպատակով Համաշխարհային դրամատան եւ UNODC-ի նախաձեռնութեամբ հիմնուած գործիք մը կայ` Stolen Asset Recovery Initiative-ը:

«Մեր երկրէն թալանուած եւ արտերկրի մէջ հանգրուանած ունեցուածքի ստուգման եւ վերադարձի գործընթաց սկսելու ակնկալիքով այսօր Stolen Asset Recovery Initiative-էն խորհրդատուական եւ տեխնիկական աջակցութիւն ստանալու վերաբերեալ նամակ գրած եմ Համաշխարհային դրամատան ղեկավարութեան»,– գրած է Միրզոյեան:

Leave a Reply