
Սեւրին Տէր Կանգնիլը Արցախէն Կ՝անցնի. (Սեւրի Դաշնագիրի 98-ամեակին առիթով)
Քաղաքագիտական պարզ ճշմարտութիւն է, որ դաշնագիրները կը կնքուին պատերազներու աւարտին եւ յաղթող կողմերն են, որոնք կը թելադրեն ու կը պարտադրեն իրենց պայմանները: Գրեթէ մէկ դար անցած է Սեւրի Դաշնագիրէն, որ ստորագրուեցաւ 10 Օգոստոս 1920-ին: Թէեւ ան չվաւերացուեցաւ, սակայն միակ դաշնագիրն է, ուր արձանագրուած կը գտնենք Թուրքիայէն Հայաստանի հողային պահանջները, որ պատմութեան մէջ ծանօթ է «Ուիլսընեան սահամաններով Հայաստան» անունով: Այդ դաշնագիրին տակ կայ նաեւ Թուրքիոյ ստորագրութիւնը (յանձինս՝ օսմանեան կառավարութեան), ինչ որ կը նշանակէ, թէ ան ճանչցած է հայոց հողային իրաւունքները:
Տասնամեակներ իր ժողովուրդին ու հայրենիքին զուլումն ու մաքառումը երգած Հայաստանի կողմէ դաշնագիրը ստորագրող Աւետիս Ահարոնեան իր յուշերուն մէջ այդ օրուան մասին կը գրէ. «Կեանքիս ամէնէն երջանիկ օրն է այս»: Շատ Բնական է հայ գրագէտ դիւանագէտին այդ զգացողութիւնը, որովհետեւ դիւանագիտական սեղանին շուրջ ան կը նստէր յաղթած ժողովուրդի ու յաղթանակած պետութեան ներկայացուցիչի հանգամանքով: Սարդարապատի ճակատամարտէն եւ անկախութեան հռչակումէն յետոյ այս դաշնագիրը հայութեան ու Հայաստանի յաղթանակն էր դիւանագիտական ճակատին վրայ:
Դժբախտաբար, 1Օ Օգոստոս 1920-էն յետոյ աշխարհաքաղաքական իրադրութիւնը հիմնովին փոխուեցաւ եւ եղաւ ի վնաս Հայաստանի. զգետնուած Թուրքիան քեմալական տեսքով ոտքի կանգնեցաւ, բոլշեւիկեան Ռուսաստանը զօրակցեցաւ եւ օգնութեան ձեռք մեկնեց անոր՝ ընդդէմ Հայաստանին, պատերազմէն յոգնած ու սպառած դաշնակից պետութիւնները իրարու միջեւ ներքին հակամարտութիւններէ բռնուած, լքեցին իրենց փոքր դաշնակից Հայաստանը, որը կրկին անգամ առանձին մնաց Թուրքիոյ դէմ: 1920 Սեպտեմբեր-Դեկտեմբեր ամիսներու իրադարձութիւնները՝ Հայ-թրքական պատերազմը, պոլշեւիկներու քայքայիչ քարոզչութիւնը Հայաստանի հասարակութեան եւ բանակին մէջ, ռուս–թրքական դաւադրութիւնը, եւ այլն, կորստաբեր եղան Հայաստանի համար: Չորս ամսուան ընթացքին Հայաստան կորսնցուց ոչ միայն Ռուսահայաստանի մէկ մասը, այլ նաեւ իր անկախութիւնը:
Հետեւաբար, գրաւ կարելի չէ դնել աշխարհաքաղաքական պայմաններուն, որոնք փոփոխական են դաշնակից եւ կամ բարեկամ պետութիւններուն, որոնց դիրքորոշումն ու խոստումները կրնան նոյնը չմնալ: Պէտք է գիտակցիլ եւ ընդունիլ, որ մենք առանձին ենք: Այդ գիտակցութիւնը ուժի աղբիւր է, որովհետեւ այն ժամանակ կը հաւատանք ու կը վստահինք մեր սեփական ներուժին ու ուժին:
Առանց զուգահեռ բաղդատականը ընելու 1920-ի երկրորդ կիսուն, եւ 2018-ի առաջին կիսուն միջեւ Հայաստանի ներքին եւ արտաքին կացութեան, կը նկատենք, որ ներկայիս ալ շատ տարբեր չէ պարագան: Քիչ չեն Հայաստանի մարտահրաւէրները, որոնք կու գան Ատրպէյճանէն եւ Թուրքիայէն : Այդ մասին կը բաւէ հետեւիլ ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Հայաստանի ԳՄ-ի անդամներուն ելոյթներուն: Աւելի առարկայական ըլլալու համար մէջբերենք վերջերս Պարսկաստանի «Ալիք» օրաթերթին տուած ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի հարցազրոյցէն ( ամբողջութիւնը տեսնել՝ http://www.arfd. Info/hy/?p=4592) ընտրովի խօսքեր. «Եթէ մենք կորսնցնենք Արցախը կամ Արցախի հարցում ունենանք կորուստներ , դա նշանակում է, որ վերջին տարիների մեր Անկախութեան այս ճիգն ու ջանքը ի զուր է լինելու կամ գրեթէ ի զուր է լինելու (…..). Հարցը նրանում է, որ սա մեր ամենամեծ ձեռքբերումն է եւ այս յաղթանակի վրայ պէտք է դողալ: Եւ ես դողալ բառը առանց վարանելու եմ շեշտում , եթէ նոյնիսկ դա որոշների հեգնանքի առարկան կարող է դառնալ (,…….). Երբ Հայաստանում խնդիր կայ , մեր արտաքին քաղաքականութեան մէջ խնդիր կայ, Ատրպէյճանը ակտիւանում է, ստեղծուած առիթը օգտագործում իր ծրագիրները յաջողցնելու համար: Դա մենք պէտք է թոյլ չտանք: Պէտք է հասկանանք, որ այսօրուայ մեր գերագոյն խնդիրը Արցախն է, Արցախի անվտանգութեան ապահովումը……»:
Թուրքիոյ վերջին ընտրութիւններուն յաղթանակ տարած Էրտողանը եւ հետամուտ է Նոր եւ հզօր Թուրքիա կերտելու: Ան կը շարունակէ Ատրպէյճանի հետ «Երկու պետութիւն եւ մէկ ազգ» իր քաղաքական ուղեգիծը: Վերջերս ան աշխուժացած է Հայաստանի հետ Նախիջեւանի սահմանին վրայ: (Այդ ճակատի վրայ ունեցած ենք կորուստներ): Անոնց համար Արցախը կոկորդի փուշ է, պիտի փորձեն ազատիլ անկէ՝ ի շահ իրենց: Այնքան ատեն, որ Արցախի հարցը իր վերջնական լուծումը չէ գտած՝ պատերազմի հաւանականութիւնը միշտ ալ առկայ պիտի մնայ: Ահա մարտահրաւէր մը, որուն դիմաց պէտք է միշտ պատրաստ ըլլանք:
23 Ապրիլի իրադարձութեամբ Հայաստանի մէջ ալ իրավիճակ փոխուած է: Շատ կարեւոր է այն, թէ ժողովրդային ալիքի վրայ իշխանութեան հասած Հայաստանի պաշտօնակատար նոր իշխանութիւնը իր քաղաքական դիրքորոշումները, ներքին քաղաքականութիւնը ի՛նչ գրաւներու վրայ դրած է, ի՞նչ հիմնարար սկզբունքներու վրայ հիմնած է: Դէպի առաջ շարժելու յստակ ճամբու քարտէզ ունի՞, թէ ժամանակային փոքր քայլերու քաղաքականութեամբ առաջ կ’ընթանայ: Ասիկա էական հարցադրում մըն է, ոչ այնքան ներկայիս Հայաստանի մէջ ընթացող իրադարձութիւններու լոյսին տակ, այլ աւելի հեռանկարային առումով: Հայաստանը դէպի ո՞ւր կ’երթայ: Քաղաքական ղեկավարութիւնը քաղաքական կեանքը վարելէ անդին պէտք է արտաքին ու ներքին հեռապատկեր ունենայ: Ոչ ոք կը մերժէ ներքին բարեկարգութիւններուն առաջնահերթ ըլլալը, սակայն անիկա պիտի չըլլայ ի վնաս արտաքին օրակարգերուն: Այսօր ի՞նչ են Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ծրագիրները Հայաստանի նկատմամբ:
Ներկայ պայմաներուն մէջ եթէ արտաքին եւ ներքին մարտահրաւէրներու լրջութեան չափով չզգաստանանք, չմիաւորուինք ապա այդ պարագային կրնանք կորսնցնել ե՛ւ հայրենիք, ե՛ւ անկախութիւն: Ահա թէ ինչո՛ւ կարեւոր է ներքին համերաշխութիւնը: Եւ ընդհակառակը՝ երբ յաղթանակած ազգի ու պետութեան արժանապատուութեամբ տէր կանգնինք մեր իրաւունքներուն, մէկ թիզ հող իսկ չզիջելու վճռականութիւն ցուցաբերենք, այն ատեն կը դառնանք անպարտելի թէև մարտադաշտի մէջ, թէ՛ դիւանագիտական ճակատի վրայ: Իսկ այս ուղեգիծէն որեւէ շեղում ազգային դաւաճանութեան համազօր է:
Արցախը միացեալ Հայաստանի առաջին քայլն է, եւ ո՞ր իշխանութիւնն ալ նահանջ արձանագրէ կամ ետ դարձ կատարէ առաջին յաղթական քայլէն, բնաւ չի կրնար առաջ ընթանալ: Այնպէս ինչպէս քաղաքական մակարդակի վրայ ժողովրդային շարժման դրական լիցքը արդիւնաւորելու համար ժողովուրդը յուսախաբ չընելու առաջնահերթութիւնը կը դրուի, նոյնպէս ժողովուրդը Արցախի հարցով պէտք չէ յուսախաբուի: Որովհետեւ այդ պարագային նոյնպէս ան չի հաւատար իր ուժին ու յաղթանակին: Այս իմաստով կործանարար է վերանորոգ թափով աշխուժացած եւ առաջ տարուող «Հողի դիմաց խաղաղութիւն» Հայաստանի առաջին նախագահին զիջողական ուղեգիծը, որը հայրենի ժողովուրդը մէկ անգամ տապալած ու ի չիք դարձուցած էր եւ որուն դէմ պէտք է համազգային ճակատ յարդարել: Արցախը պահել ու չզիջիլ կը նշանակէ տէր կանգնիլ Սեւրին, իսկ հակառակ պարագային կը նշանակէ ընդհանրապէս ձեռք քաշած ըլլալ մեր իրաւունքներու պահանջատիրութենէն: Ահա թէ ինչո՛ւ Սեւրը կ’անցնի Արցախէն:
Շ. Ա.
Քեսապ