Մանուէլ Գրիգորեանի Պաշտպանները Բողոք Ներկայացուցած են Վճռաբեկ Դատարան Իրենց Պաշտպանեալը Կալանաւորելու Որոշումին Դէմ

Հայաստան

ՀՀ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Մանուէլ Գրիգորեանի պաշտպանները բողոք ներկայացուցած են Վճռաբեկ դատարան՝ իրենց պաշտպանեալին նկատմամբ կալանքը իբրեւ խափանման միջոց կիրառելու առաջին ատեանի դատարանի որոշումին դէմ: Ըստ Armenpress.am-ի՝ Մանուել Գրիգորեանի պաշտպան Արսէն Մկրտչեան նշած է, որ առայժմ վարոյթ ընդունելու մասին որոշում չեն ստացած:

«Ե՛ւ առաջին ատեանի դատարանին մէջ, ե՛ւ Վերաքննիչ դատարանին մէջ բազմիցս ըսած ենք, որ Մանուէլ Գրիգորեանի կեանքին վտանգ կը սպառնայ, սակայն դատարանները կայացուցած են ապօրինի որոշումներ»,- ըսած է Մկրտչեանը:

Անոր խօսքով` Մանուէլ Գրիգորեան կը տառապի քաղցկեղով, շաքարախտով, ինչպէս նաեւ այլ հիւանդութիւններով:

Հարցին, թէ արդեօք իրականացա՞ծ է բժշկական փորձաքննութիւն, Մկրտչեան ըսած է, որ ընթացքի մէջ է:

 

Leave a Reply