
Հայաստանի Մէջ ԱՄՆ Դեսպանը Ոգեւորուած է Կաշառակերութիւնը Արմատախիլ Ընելու եւ Թափանցիկութիւնը Խթանելու Նոր Կառավարութեան Ջանքերով
Կարեւոր է ներկայիս կառավարութեան կողմէ իրաւունքի գերակայութեան եւ պատշաճ գործընթացներու հաւասար ու անկախ կիրառման ապահովումը։։ Այս մասին, ըստ News.am-ի, յայտնեց Հայաստանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզ՝ մեկնաբանելով վերջին շրջանի աղմկայարոյց քրէական գործերը:
«Նախկին պաշտօնեաներու դէմ յարուցուած գործերուն առընչութեամբ էապէս կարեւոր է ներկայիս, կառավարութեան կողմէ իրաւունքի գերակայութեան եւ պատշաճ գործընթացներու հաւասար ու անկախ կիրառման ապահովումը»,- ըսաւ դեսպան Միլզ:
Հարցումին, թէ որն է դատական համակարգին մէջ զեղծարարութեան դէմ պայքարի ամէնէն արդիւնաւէտ միջոցը՝ դեսպանը յայտնեց, որ ոգեւորուած է կաշառակերութիւնը արմատախիլ ընելու եւ թափանցիկութիւնը խթանելու նոր կառավարութեան ջանքերով:
«Կաշառակերութիւնը արմատախիլ ընելու եւ թափանցիկութիւնը խթանելու նոր կառավարութեան ջանքերը կ՛ոգեւորեն մեզ: Մենք երկար ատեն աջակցած ենք դատաիրաւական բարեփոխումներուն՝ նպատակ ունենալով ապահովել դատական անկախութիւն, որպէսզի ամրապնդուի իրաւունքի գերակայութիւնը եւ ապահովուի խաղի հաւասար պայմաններ բոլորին համար: Հայաստանի գրաւչութիւնը օտարերկրեայ ներդրումներու տեսանկիւնէն գնահատելով՝ ամերիկացի ներդրողները նաեւ ուշադրութեամբ կը հետեւին, թէ Հայաստանի կառավարութիւնը ինչպէս կը վերաբերի օտարերկրեայ ընկերութիւններուն, որոն շարքին՝ «Լիտիան»ին: Կը հաւատանք, որ կառավարութիւնը հաւատարիմ կը մնայ արդար մրցակցութեան սկզբունքներուն»,- ըսաւ դեսպանը: