Դէպի Ամբողջական Արդարութիւն

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Թաւշեայ յեղափոխութեան սկզբնաւորութենէն արդէն անցած է աւելի քան 100 օր, որոնց ընթացքին Հայաստանը անցաւ քաղաքական եւ ընկերային նոր փուլ մը:

Անխուսափելի իրողութիւն է, որ այս յեղաշրջումը նոր յոյսի փարոս եղած է հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի համար, ուր ազատատենչ ժողովուրդի կամքը յաղթեց կամայական ուժին, ինչպէս նաեւ ոտնակոխեց վաղուց գերիշխող սթաթիւս քոն:

Վերջին ամիսներուն ընթացքին յստակ դարձած է, թէ նոր իշխանութիւնները կը նպատակադրեն հաշուետուութեան կանչել նախապէս իշխանութեան քողի ետին ապաստանած, գործած եւ ժողովուրդը կեղեքած, ճնշած, կաշկանդած, արտագաղթի պատճառ դարձած եւ հարուածած խաւը:

Հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնած ՀՅ Դաշնակցութիւնը, իր գաղափարական ըմբռնումներէն մեկնած, ամէն բանէ վեր կը գերադասէ մարդն ու անհատը եւ անոր իրաւունքը` ապրելու արդար վարչակարգի մը մէջ. ան պատժած է յանցագործներ` զանոնք ծունկի բերելով մարդկութեան կամ պատմութեան դատարանին դիմաց:

Արդարեւ, ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը կու գայ ողջունելու անշահախնդիր որեւէ արդարադատ ու հաստատ քայլ, որուն շնորհիւ Հայաստանի մէջ կը վերականգնուին արդարութեան եւ օրինականութեան վաղուց կործանած սիւները:

Արդարութեան եւ արդար դատավարութեան պայմաններն ու կանոնները միջազգային չափանիշներով ճշդուած են ու ծանօթ, ուր սահմանադրութեան, օրէնքի եւ օրինականօրէն դատուելու իրաւունքի հաւասարութիւնը եւ անոնց վերաբերող գործընթացը պէտք է ըլլայ արդար ու հեռու քաղաքական հալածանքներէ: Հետեւաբար այդ չափանիշներէն ետ մնալու որեւէ արարք ինքնին մեղադրելի կը դառնայ:

Արդ, փայլուն ապագայի ձգտող որեւէ երկրի վարչակարգի պարտականութիւնն է հիմը դնել արդար հաշուետուութեան հոլովոյթին: Թող հին եւ նոր սերունդները տեսնեն ու գիտնան, թէ արդարութեան մուրճը կը գերակշռէ պաշտօնն ու հարստութիւնը:

Թող բոլորը  գիտակցին` նախ անոնք, որոնք իշխանութեան վրայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման առաջին օրերէն ի վեր, ապա այսօր իշխանութեան վրայ գտնուող իւրաքանչիւր անձ, թէ անոնք հաշուետու են արդարութեան ու օրինականութեան դատարանին դիմաց: Ժամանակի խնդիր է միայն հաշուետուութեան կանչուիլը, ուր պիտի գտնուին բոլոր անոնք, որոնք կը մեղանչեն մարդկութեան եւ յատկապէս Հայաստանի ու հայութեան հաշուոյն:

Հարիւրամեայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը այսօր կը գտնուի նոր փուլի մը մէջ, ուր կը խմորուի Հայաստանի արդար պետականութեան, ինչպէս նաեւ հայրենադարձութեան մտայնութիւնը: Հետեւաբար իւրաքանչիւր հայ անհատի բարոյական պարտականութիւնն է ըլլալ երկրի եւ ժողովուրդի բարձրագոյն շահերուն պաշտպանը:

ՀՅԴ ԶԱՒԱՐԵԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

Պէյրութ` 10 Օգոստոս 2018

 

Leave a Reply