
Արցախէն Պիտի Մասնակցին Նիկոլ Փաշինեանի` Օգոստոս 17-ին Հրաւիրած Հանրահաւաքին
Արցախէն պիտի մասնակցին իր վարչապետութեան 100 օրուան առթիւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` Օգոստոս 17-ին հրաւիրած հանրահաւաքին:
Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ այս մասին յայտարարած է Արցախի մէջ գործող «Յանուն Արցախի» երիտասարդական հասարակական կազմակերպութիւնը:
«Այսօր առաւել քան երբեւէ հայ ժողովուրդը միասնական է եւ Մայր Հայրենքի մէջ սկսած քաղաքական իրադարձութիւններու հետ կը կապէ իր լուսաւոր ապագան:
«Այս պարունակին մէջ մեր համոզումով Արցախը չի կրնար անմասն մնալ այդ գործընթացներէն, յատկապէս որ վերջին փոփոխութիւնները, կարծէք թէ, բախտորոշ շրջադարձ կ՛ուրուագծեն նաեւ բանակցային գործընթացի համար: Ընե՛նք մեր քայլը»,- ըսուած է կազմակերպութեան յայտարարութեան մէջ:
«Յանուն Արցախի» երիտասարդական հասարակական կազմակերպութիւնը կը յայտնէ նաեւ, որ միջոցներ կը հայթայթէ Երեւանի մէջ հանրահաւաքին ներկայ գտնուիլ ցանկացող բոլոր երիտասարդներու մասնակցութեան ծախսերը հոգալու համար:
Յիշեցնենք, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Օգոստոս 17-ին` ժամը 18:30-ին, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ հանրահաւաք հրաւիրած է` ներկայացնելու իր 100-օրեայ պաշտօնավարման արդիւնքները: