ՀՀ Նախկին Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի Պատկանող Գործարանին Մէջ Մեծ Քանակութեամբ Զէնք Յայտնաբերուած Է

Հայաստան

Հայաստանի Յատուկ քննչական ծառայութեան (ՅՔԾ) կողմէ քննուող 2008 Մարտ 1-ի քրէական գործի ծիրէն ներս, ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) աշխատակիցները հետախուզական աշխատանք կատարած են 6 եւ 7 Օգոստոսին եւ յայտնաբերած, որ Հայաստանի նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի պատկանող եւ Ամբիկ Գէորգեանի անունով ձեւակերպուած՝ ՀՀ Արարատի մարզի Մխչեանի նախկին մեխանիկա-վերանորոգման գործարանին մէջ, ապօրինի կերպով կը պահուի մեծ քանակութեամբ զէնք եւ ռազմամթերք: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

Ապօրինի կերպով հրազէն եւ ռազմամթերք ձեռք բերելու եւ պահելու կասկածով ձերբակալուած են Ամբիկ Գէորգեանն ու Յովիկ Աբրահամեանի եղբայրը՝ Հենրիկ Աբրահամեանը:

Քննիչները այժմ կը ստուգեն խուզարկութեամբ յայտնաբերուած զէնքերուն ձեռքբերման աղբիւրները եւ 2008 Մարտ 1-ին ու 2-ին անոնց գործածուած ըլլալուն հանգամանքը:

 

Leave a Reply