Ուխտի Ճանապարհներ. Յակոբ Պարոնեանի Անյայտ Գերեզմանը
Տոքթ. Վեհունի Մինասեան
Այլեւս յուսաբեկ` պանդոկ կը վերադառնամ:
Վերջին փորձով կրկին Օրթագիւղի հայոց գերեզմանատունը գացած էի մեր գրականութեան հանճարեղ երգիծագրին` Յակոբ Պարոնեանին գերեզմանը յայտնաբերելու:
Պոլսոյ պատրիարքարանին մէջ ինծի պարզած էին, որ այս գերեզմանատունը գոյութիւն ունեցած է ԺԷ. դարու երկրորդ կէսէն, եւ հիմա գրեթէ անյայտ են նոյնիսկ անցեալ դարուն հոն թաղուածներուն շիրիմները:
Հասցէն` Dereboyu, Ustu, գրպանս, երկու անգամ անօգուտ շրջեցայ` փորձելով հողակոյտերուն մէջ զինքը յայտնաբերող նշան մը գտնել:
Պանդոկի սենեակիս մէջ այդ օր խոր մտածումներու մէջ թաղուեցայ: Արդեօք «Պաղտասար աղբար»-ն ու «Աբիսողոմ աղա»-ն, «Ազգային ջոջեր»-ն ու «Մեծապատիւ մուրացկաններ»-ը, կամ «Հոսհոսի ձեռատետր»-ի եւ «Քաղաքավարութեան վնասներ»-ու հերոսներն ու բարքերը յաւերժացուցած մեր երգիծական հանճարը մարմնաւորող մեծութեան հանդէպ մենք այսքա՞ն ապերախտ գտնուած ենք: Նոյնիսկ տապանաքար մը չէ կանգնեցուած անոր շիրիմին վրայ, եւ շուտով մոռցուած է գերեզմանին ճշգրիտ վայրն ալ…
Կարդացած էի, որ ան արժանացած էր ազգային յուղարկաւորութեան` հոծ բազմութեան մը մասնակցութեամբ, ուսուցիչներու, մտաւորականներու, գործաւոր դասակարգի եւ ինչպէս նաեւ կարգ մը ամիրաներու ու ջոջերու ներկայութեամբ: Դամբանականը կարդացած էր Նարպէյ արքեպիսկոպոսը, որ «Ազգային ջոջեր»-ուն մէջ Պարոնեանի սուր երգիծանքին թիրախ դարձած էր: Մարմինը ամփոփուած էր Օրթագիւղի գերեզմանատունը` «մեռելոց այդ հանդարտիկ բնակարանին մէկ անկիւնը, տխուր ու մենաւոր»:
Կարդացած էի նաեւ յայտնի գրող Վահրամ Մավեանին կոչը հայ մամուլի մէջ, որ դիտել կու տար, թէ ինչպէ՛ս տասնեակ տարիներ անցած են, եւ սերունդներ ամբողջ եկած ու անցած են` առանց հողակոյտին վրայ տապանաքար մը դնելու մասին մտածելու: Իրապէս անըմբռնելի է անտէր ու կորսուած ձգել Յ. Պարոնեանին հողակոյտը:
Աւա՜ղ, մեծ ցաւով ընդունեցի այս անտեսումը, հակառակ անոր որ պատանեկութենէս յափշտակուած էի իր ստեղծագործութիւնները կարդալով կամ անոնց բեմադրութիւններուն ներկայ ըլլալով:
