«Մեր Հիմնական Հարցն Է Հիւանդանոցի Հանդիպակաց Տարածքի Վերադարձը» Պետրոս Շիրինօղլու

Աշխարհ, Սփիւռք

Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու Չորեշաբթի, 1 Օգոստոսի հանդիպման վերաբերեալ յայտնեց հետեւեալը.

«Ներկայիս մեր հիմնական խնդիրն է հիւանդանոցի հանդիպակաց երբեմնի բանջարանոցի տարածքի սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերումը: Ես երկար ժամանակ առաջ այս հարցը յանձնած էի Հանրապետութեան նախագահ պարոն Էրտողանի նկատառման: Մեր կալուածաթուղթերը ստացած էինք: Աւելի վերջ, հիւանդանոցի շրջանի քաղաքապետը պարոն նախագահին միտքը պղտորեց, թէ ես կը ստեմ, կեղծ տուեալներ կը ներկայացնեմ: Մենք ո՛չ ուրիշ վաքըֆի մը սեփականութեան վրայ աչք ունինք, ո՛չ ալ կեղծ տուեալներ կը ներկայացնենք: Միակ ճշմարտութիւնը այն է, որ այդ տարածքը մեր հիւանդանոցին կը պատկանի: Երէկուան հանդիպման ընթացքին ալ նշեցի, որ ես պարոն նախագահին նկատմամբ հաւատք կը տածեմ եւ համոզուած եմ, թէ այդ տարածքը ի վերջոյ մեզի պիտի յանձնուի:

Մեր պետութիւնը մեզի նկատմամբ որեւէ ժխտական մօտեցում կամ վերաբերմունք չունի: Եթէ բարեացակամ մօտեցում չ՛ըլլար, ապա վերջին տարիներուն այսքան կալուածներ մեզի չէին վերադարձուեր: Հետեւաբար, այս համոզումէն առաջնորդուելով, ես խօսեցայ մեր երբեմնի բանջարանոցի տարածքին եւ Պէյքոզի խնդիրին մասին: Ես գիտեմ, որ պարոն նախագահը մեծապէս կը կարեւորէ Պէյքոզին փոխանցուած գումարներուն նպատակասլաց ձեւով արժեւորումը՝ մեր համայնքի ապագային տեսակէտէն: Իմ ներկայութեամբ տուած է կարգ մը հրահանգներ: Ուստի, այդ խնդիրն ալ շօշափեցի:

Ես երէկուան հանդիպման ընթացքին ընտրութիւններու հարցին շուրջ չխօսեցայ, որովհետեւ համապատասխան հարցերը ընդհանրապէս մեր համայնքի ներքին կացութենէն ծնունդ կ՛առնեն, ուստի յարմար չդատեցի այդ մասին արտայայտուիլ:

Մենք այս երկրի քաղաքացիներն ենք: Լաւ օրով ալ, վատ օրով ալ կ՛ընթանանք մեր երկրին հետ»:

 

«ԺԱՄԱՆԱԿ»

Leave a Reply