Հայաստանը Միջազգային Մրցաշարերէն Այս Տարի Արդէն 86 Մետալ Նուաճած է
Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնող մարզիկներու մետալներու քանակը տարուէ տարի կ՝աւելնայ:
Ըստ Armenpress.am-ի, Օգոստոս 7-ին, լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ, նման յայտարարութիւն ըրած է ՀՀ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու փոխնախարար Գաբրիէլ Ղազարեան:
«Մասսայական մարմնակրթութեան տեսանկիւնէն կ՝իրականացնենք մեծ ծրագիրներ: Այդ ծրագիրներուն ներգրուած են տարբեր տարիքային խումբերու քաղաքացիներ: Կարեւորագոյն օղակներէն է նաեւ զօրակոչային տարիքը, ուր իրականացուող ձեռնարկներուն որակական աճը ակնյայտ է»,- ըսած է փոխնախարարը:
Ղազարեանի խօսքով` այս տարին դեռ չէ աւարտած, բայց բարեյաջող է հայկական մարմնակրթութեան համար: «2018 թուականին մինչեւ օրս Հայաստանը Եւրոպայի եւ աշխարհի առաջնութիւններուն նուաճած է 86 մետալ` 30 ոսկի, 24 արծաթ եւ 32 պրոնզ: Անոնք միայն երիտասարդներու եւ պատանիներու առաջնութիւններուն նուաճուած մետալներ են»,-նշած է նախարարը:
