Ռազմական Լրագրողները Սահմանագիր Այցելած են
Ռազմական ոլորտին առնչուող նիւթերուն եւ պաշտպանական հոլովոյթներուն վերաբերեալ լրագրողներուն մէջ աւելի առարկայական եւ միասնական մօտեցումներ ձեւաւորելու նպատակով, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուող «Ռազմական լրագրութեան» դասընթացքին մասնակիցները Օգոստոս 1-3 եռօրեայ այցելութիւն տուած են պաշտպանութեան բանակ:
Վերջիններս այցելած են արցախեան-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծ եւ զօրամասերու մնայուն տեղակայման վայրեր, տեղւոյն վրայ ծանօթացած են զինուորներուն ընկերային-կենցաղային պայմաններուն, կատարուած եւ տակաւին ընթացքի մէջ եղող ճարտարապետական-ամրաշինական աշխատանքներուն:
Դասընթացքին մասնակիցները այցելած են նաեւ բանակի տեղեկատուական կեդրոն, ծանօթացած ճգնաժամային իրավիճակներուն կեդրոնի աշխատանքներու կազմակերպման առանձնայատկութիւններուն ու հանդիպում ունեցած բանակի հրամանատարի տեղակալ, հազարապետ զօրավար Վ. Բալայեանի հետ:
Բանակի փոխհրամանատարը համառօտ կերպով ներկայացուցած է զինուած ուժերու կազմաւորման պատմութիւնը, բանակաշինութեան ներկայ փուլի առանձնայատկութիւնները, անձնակազմի դաստիարակչական եւ բարոյահոգեբանական ոլորտին մէջ իրականացուող հոլովոյթները, պատասխանած դասընթացքի մասնակիցները հետաքրքրող հարցումներուն:
