Շուշիի Մէջ «Ստեղծագործում են Թանգարաններու Աշխատողները» Խորագիրով Ցուցահանդէս Տեղի Պիտի ունենայ
Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան ու թանգարաններու միջազգային խորհուրդի (ԻԿՈՄ) հայկական թանգարաններու ազգային կոմիտէի համատեղ աջակցութեամբ՝ Շուշիի կերպարուեստի պետական թանգարանին մէջ, Օգոստոս 8-ին, տեղի պիտի ունենայ «Ստեղծագործում են թանգարանների աշխատողները» խորագիրով ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը:
Ցուցահանդէսը, ըստ ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն, նուիրուած է թանգարաններու աշխատողներու եւ բարեկամներու ընկերակցութեան հիմնադրման 15-ամեակին եւ ԻԿՈՄ-ի հայկական թանգարաններու ազգային կոմիտէի հիմնադրման 10-ամեակին:
Ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուին Հայաստանի եւ Արցախի տասնեակ թանգարաններու աշխատակիցներու 70-էն աւելի ամենաբազմազան նիւթերէ եւ արուեստի տարբեր բնագաւառներ ներկայացնող ստեղծագործութիւններ, ինչպէս՝ գեղանկար, կրաֆիք, քանդակ, լուսանկար, կիրառական արուեստ, պոէզիա, երաժշտութիւն եւ այլն:
