Հայաստանի Ազատ Ոճի Ըմբշամարտի Հաւաքականը Եւրոպայի Առաջնութեան Նուաճած է 5 Մետալ
Հայաստանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը ամփոփած է Հռոմի մէջ աւարտած մինչեւ 23 տարեկաններու Եւրոպայի ազատ ոճի ըմբշամարտի առաջնութեան արդիւնքները: ՀՀ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ մինչեւ 23 տարեկաններու Եւրոպայի առաջնութեան մէջ, Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը նուաճած է 5 մետալ՝ 3 ոսկի եւ 2 պրոնզ:
Եւրոպայի ախոյեաններ դարձած են 57քկ քաշային Արսէն Յարութիւնեան, 61քկ քաշային Վազգէն Թեւանեան եւ 125քկ քաշային Յովհաննէս Մաղաքեան: Պրոնզէ մետալակիրներ դարձած են 65քկ քաշային Գեղամ Գալստեանն ու 70քկ քաշային Արման Անդրիասեանը:
Ազատ ոճի ըմբշամարտի ՀՀ հաւաքականը խմբային հաշուարկին մէջ գրաւած է 3-րդ տեղը:
Օգոստոս 6-ին, ժամը 23.50-ին, հաւաքականը Հռոմէն կը ժամանէ Երեւան:
