Բուռնաշեթցիներու 16 Հոգինոց Խումբը Արարատ կը Բարձրանայ

Սփիւռք

Ախալքալաքի շրջանի Բուռնաշեթ գիւղի 16 հոգինոց խումբը կը բարձրանայ Արարատ լեռ։ Նախաձեռնողները, ըստ Akhaltskha.net-ի, մոսկուայաբնակ Ա Քոչոյեանը եւ Գ․ Կուրղինեանն են, իրենց համագիւղացիներուն հետ միասին։ Արմէն Կուրգինեանի խօսքով՝ բիբլիական Արարատ լեռը բարձրանալը բուռնաշեթցիներու կողմէ կազմակերպուած ուխտ է:

«Անցեալ տարի շուրջ 40 բուռնաշեթցիներով գացինք մեր պապական Էրզրումի Օրթվիզ (ներկայիս Ուզունեայլա): Վերադարձին որոշեցինք որ Վանը, Մուշը, Կարսը, Անին տեսնելէ ետք՝ Արարատը պիտի նուաճուի եւ այսպէս, այսօր, Ախալքալաքի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ բակին մէջ շուրջպար բռնելէ ետք՝ տրուեցաւ ուխտի սկիզբը»,- կը նշէ Արմէն Կուրգինեան:

 

Leave a Reply